ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յուլիս 1ի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ կ’ապրի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած 410 հոգի: Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան կենսաթոշակային ապահովութեան բաժինի պետ Ռոզա Մկրտչեան յայտարարեց, թէ յառաջիկայ տարուան Յունուար 1էն սկսեալ, այս անձերու կենսաթոշակին տրուող յաւելման չափը պիտի կազմէ 25 հազար դրամ:
Կառավարութեան Նոյեմբեր 16ի նիստին փոփոխութիւն կատարուած է 2004ին ընդունուած կառավարութեան այն որոշման մէջ, որ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան Թուրքիոյ այլ վայրերուն մէջ մինչեւ 1915 (ներառեալ) ծնած եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած անձերուն կենսաթոշակին տրուող յաւելման չափը սահմանուած է 25 հազար դրամ՝ ներկայիս տրուող 5 հազար դրամի փոխարէն: