Տասնամեակ՝ «Պայման» Պարբերականի
Հոկտեմբեր 17ին, թեհրանահայ գաղութը տօնեց «Պայման» մշակութային-քաղաքական եռամսեակի 10ամեայ յոբելեանը: «Պայման»ը, որ կը հրատարակուի պարսկերէն՝ թեհրանի Հայ Դատի գրասենեակի՝ ՀՈՒՍԿ հաստատութեան կողմէ, պարսիկ մտաւորականներուն գիտական յօդուածներով կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի մշակութային հարստութիւնները:
Թեհրանի Սիմֆոնիք Նուագախումբը Պիտի Նշէ Լորիս Ճգնաւորեանի 70ամեակը
Թեհրանի սիմֆոնիք նուագախումբը, Նադեր Մաշայէխիի ղեկավարութեամբ, խմբավար Լորիս Ճգնաւորեանի 70ամեակի առիթով, ելոյթ պիտի ունենայ անոր կտորներու կատարումով, այդ մասին յայտնեց խմբավարը՝ «Ֆարս» լրատուական գործակալութեան: Ճգնաւորեան ըսած է. «Յաջորդ տարի կը լրանայ 70ամեակս, ուստի որոշուած է, որ Թեհրանի սիմֆոնիք նուագախումբը ներկայացնէ իմ մշակած կտորները»:
Թեհրանի Հայ Գիրքի 4րդ Ցուցահանդէս-Վաճառք
Թեհրանի հայոց թեմի քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու մարմինի կազմակերպութեամբ, Հոկտեմբեր 13-17 տեղի ունեցաւ գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառք, մասնակցութեամբ Թեհրանի, Սպահանի եւ Ատրպատականի թեմերու, միջեկեղեցական գրասենեակի, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ, «Նայիրի» հրատարակչութեան, ՀՈՒՍԿ հաստատութեան, Հայ համալսարանականներու ընդհ. միութեան, Հ. Մ. «Սիփան» միութեան, Իրանահայ գրողներու միութեան եւ անհատ հրատարակիչներու՝ աւելի քան 520 անուն գիրքով: Պիտի աւելցնել նաեւ, որ ներկայացուեցան «Ալիք» օրաթերթը, Ատրպատականի «Արտազ» պարբերականը, «Պայման» եւ «Ուսուցի»չ եռամսեաները, աւետարանական եկեղեցւոյ «Չանասէր» եւ «Բանբեր» թերթերը:
Բողոք Ատրպէյճանի Վանտալիզմի Դէմ
Հոկտեմբեր 13-14 ին, Հ.Յ.Դ. Իրանի «Յովնան Դաւթեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ, Թեհրանի մէջ կազմակերպուեցաւ բողոք-ցուցահանդէս մը, ուր ցուցադրութեան էին դրուած 2005ի Դեկտեմբեր 14-16 Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած վայրագութեան ապացոյցները, երբ 3 օրուան ընթացքին ոչնչացուեցաւ Նախիջեւանի հին Չուղայի 800ամեայ խաչքարերով հարուստ հայկական գերեզմանատունը՝ զայն վերածելով զինուորական հրաձգութեան փորձադաշտի:
Ցուցահանդէսի այցելուները ստորագրեցին նախապէս պատրաստուած համախօսական մը, որ պիտի ղրկուի ԵՈՒՆԵՍՔՕի գրասենեակ: