ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Պաշտպանութեան փոխնախարար Արթուր Աղաբէկեանը պաշտօնաթողութեան դիմում է ներկայացրել ինձ», Յունուար 19ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան:
Ըստ նախարարին, Արթուր Աղաբէկեան իր որոշումը հիմնաւորած է ըսելով, որ կը պատրաստուի քաղաքականութեամբ զբաղելու եւ մասնակցելու 2007ի Մայիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն. «Առաջիկայ օրերին ես որոշում կը կայացնեմ այդ հարցով», յայտարարեց Սերժ Սարգսեան: Միեւնոյն ժամանակ, ան նշեց, որ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ էական քատրային փոփոխութիւններ չեն սպասուիր: