ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Գերմանիա կատարած եռօրեայ աշխատանքային այցի ծիրէն ներս, Նոյեմբեր 16ին հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անճէլա Մերքելի հետ:
Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի նախագահը եւ Գերմանիոյ վարչապետը քննեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները՝ համաձայնելով յառաջիկային աջակցիլ երկու երկիրներուն միջեւ գործարար կապերու աշխուժացման, մասնաւորապէս դրամատնային, ապահովագրական, փոքր եւ միջին գործարարութեան ոլորտներուն մէջ:
Հայաստանի նախագահի եւ Գերմանիոյ վարչապետի բանակցութիւններու ընթացքին քննուեցան նաեւ Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի գործակցութեան թեմաները: Ա. Մերքել նշեց, որ Գերմանիան մտադիր է Եւրոմիութեան նախագահութիւնը ստանձնելէ յետոյ աշխոյժ աշխատանք տանիլ Նոր հարեւանութեան ծրագիրի շրջանակներով, եւ այս ծիրէն ներս՝ աշխուժացնել նաեւ Հայաստանի հետ շփումը:
Ռ. Քոչարեան Գերմանիոյ վարչապետին ներկայացուց Ղարաբաղեան հակամարտութեան ներկայ փուլը, քննուեցան նաեւ տարածաշրջանային այլ խնդիրներ:
Մինչ այդ, Քոչարեան այցելեց Պերլինի քաղաքապետարան՝ հանդիպում ունենալով Պերլինի քաղաքապետ Քլաուս Վովերայթի հետ: Քաղաքապետը ներկայացուց քաղաքի խնդիրները եւ զարգացման ծրագիրները: Հանդիպումէն յետոյ Քոչարեան քաղաքապետի հետ շրջեցան Պերլինի պատմական հրապարակին մէջ:
Նոյն օրը երեկոյեան, Քոչարեան ելոյթ ունեցաւ Գերմանիոյ ամենամեծ եւ ազդեցիկ Պերթելսման քաղաքական հիմնադրամին մէջ: