ՄԱՏՐԻՏ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական Միութեան անդամ երեք երկիրներ՝ Սպանիա, Ֆրանսա եւ Իտալիա, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16ին բացայայտեցին Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար նոր նախաձեռնութիւն մը:
Սպանիոյ վարչապետ Հոսէ Լուիս Ռոտրիկէզ Զափաթերօ Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաքի հետ ժողովէ մը ետք յայտարարեց այս նախաձեռնութիւնը: Ան յայտնեց, որ Իտալիա մասնակցած է այս ծրագիրի մշակումին եւ յոյս ունի, որ Բրիտանիա, Գերմանիա եւ Եւրոպական միութեան միւս անդամները նեցուկ կը կանգնին անոր եւ զայն կ՚որդեգրեն յառաջիկայ ամսուան իրենց գերաստիճանին:
Ծրագիրը կը բաղկանայ հինգ կէտերէ՝ անմիջական զինադադար, միջազգային ճանաչում ստացող պաղեստինեան ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւն, գերիներու փոխանակում՝ «Հըզպալլա»ի եւ «Համաս»ի հետ, Իսրայէլի վարչապետին եւ պաղեստինցի նախագահին միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններ եւ Կազայի մէջ զինադադարին հսկող միջազգային առաքելութիւն:
«Չենք կրնար ձեռնածալ մնալ ի տես մեր առջեւ ամէն օր պարզուող սարսափին», ըսաւ Զափաթերօ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս նախաձեռնութիւնը ամէնէն առաջ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու հաւանութեան չի՞ կարօտիր, ան ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿի ուռճացած զօրամասին առաւելագոյն թիւով մասնակցող երեք երկիրները բնական իրաւունք ունին հաստատելու իրենց դերակատարութիւնը՝ ի խնդիր խաղաղութեան հաստատումին: «Անհրաժեշտ է, որ մէկը առնէ առաջին քայլը», ըսաւ ան: