ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան Փետրուարի 10ին մասնակցեցաւ Միւնիխի (Գերմանիա) ապահովական քաղաքականութեան 43րդ խորհրդաժողովին, որ 35 տարիէ ի վեր աշխարհի առաջատար պետութիւններու կարեւորագոյն հաւաքատեղի է ապահովական խնդիրներ քննարկելու համար: