Մարդը ինք խորհրդաւոր էակ մըն է: Աշխարհի մեծագոյն հոգեբանները, հոգեբոյժներն ու խոստովանահայրերն անգամ չեն կրցած թափանցել մարդու հոգիին խորքը: Անոնց պրպտումները վստահաբար հոգիի թանձր պատերէ ներս թափանցած են, իջած են մարդու զգացումներուն խորերը, վերլուծումներ կատարած են անոնց մասին՝ հիմնուելով մարդուն տագնապներուն թէ ապրած ուրախութեան պահերուն վրայ: Սակայն կայ անթափանց վարագոյր մը, լաւ եւս՝ անխորտակելի դարպաս մը, որուն ետին կարելի չէ տեսնել, կամ՝ ուրկէ ներս մտնելը անհնարին է մարդ էակին համար, ինչ գիտութեան ալ հասած ըլլայ ան:
Բազմազբաղ անձնաւորութիւն մը մտերմօրէն կ’ըսէր, թէ նախապէս ծրագրուած աշխատանք մը սկսելով, բնաւ չի՛ կրնար կեդրոնացում ունենալ, այլ՝ տուեալ գործը կատարած պահուն իսկ, մտքով կը թեւածէ ուրիշ մտածումներու վրայ եւ կը փորձէ զանազան հարցերու լուծում բերել: Մտքի գերզբաղ եւ սոսկ գերծանրաբեռնուածութեան արդիւնք եղող երեւոյթ մը չէ սա: Հոգեբաններու բացատրութեամբ, հոգեկան ներքին ծալքերուն մեր չսպասած պահուն բացուիլն է եւ անսպասելի արագութեամբ տողանցելը մեր մտքին առջեւէն, իբրեւ գործադրելի նոր աշխատանքներ: Այս երեւոյթը լաւագոյնս ի յայտ կու գայ, երբ գործ մը ստանձնած եւ անոր լծուած անձ մը յանկարծ երեւակայական նոր աշխատանքներու մասին կը խօսի այնպէս՝ որպէս թէ քանի մը վայրկեան ետք անոնց իրագործման պիտի անցնի: Այսպիսի պահերու է առաւելաբար, որ կարգ մը անձեր իրենց ներքին անհատականութեան վերաբերող գաղտնիքներ կ’արտաբերեն: Սակայն, դարձեալ կարելի չէ ըսել, թէ այդ պահուն իսկ ամբողջութեամբ կրնանք թափանցել ենթակային հոգիին խորքը եւ բանալ անոր ներքին բոլոր ծալքերն ու գաղտնիքները:
Ոմանք գաղտնիք պահելու դժուարութիւն ունին: Այդպիսի անձին համար ժողովրդային առածը կ’ըսէ. «բերնին մէջ սիսեռ չի՛ թրջիր»: Ուրիշներ իրենց ամէնէն կարեւոր գաղտնիքները կը վստահին ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն: Սակայն, գաղտնիք պահելու դժուարութիւնը կամ գաղտնապահ չըլլալու տկարութիւնը բնաւ չ’արգիլուիր նաեւ այս սեղմ շրջանակէն ներս: Ընտանիքէդ անձ մը, քեզի հարազատ, արենակից, կրնայ գաղտնապահ մնալու դժուարութիւն ունենալ:
Մանուկները անգիտակցաբար կը կիրարկեն այս: Անոնք ամենայն պարզութեամբ կը պատմեն տան մէջ տեղի ունեցող լաւ կամ վատ անցուդարձերը, բառացիօրէն կը վերարտադրեն հօր եւ մօր միջեւ տեղի ունեցած խօսակցութիւնները, երբեմն տգեղ խօսքերը՝ հայհոյութիւնները եւ մանաւանդ ուրիշներու ի հեճուկս եղած բամբասանքները: Սա մանկական տարիքի հանգրուաններէն մէկը կարելի է համարել, երբ մանուկը տակաւին ամբողջականօրէն մասնակից չըզգար ինքզինք իր ընտանիքին: Տուեալ ընտանիքին իր պատկանելիութիւնը մանուկին մտքին մէջ տակաւին շա՜տ ծանծաղ վիճակի մէջ կը գտնուի: Սակայն, չափահաս տարիքին միեւնոյն ձեւով վերաբերումը իր ընտանիքին կողմէ իրեն վստահուած գաղտնիքներուն մարդը կը դնեն անպատասխանատու դիրքի վրայ, անվստահելի ըլլալու հանգամանքով:
Ընտանեկան անմիջական շրջապատէն դուրս կու գայ բարեկամական շրջանակը, որ դարձեալ լպրծուն գետին է գաղտնիքներ վստահելու իմաստով: Իսկական բարեկամը իր ներկայութեամբ կը ջերմացնէ կեանքդ, իր գաղտնիքները կը վստահի քեզի եւ իր աղօթքներուն մէջ անպայման կը յիշէ քեզ: Գաղտնիքներու վստահումը փոխադարձ արարք մը կ’ենթադրէ ընդհանրապէս: Շատ քիչերն են, որ անկեղծօրէն պիտի պահեն գաղտնիքներդ: Մարդիկ առհասարակ անվճար կերպով դուրս չեն տար ուրիշին գաղտնիքները, այլ՝ կը «վաճառեն» զանոնք: Մարդիկ գաղտնիքներու վաճառականներ են: Երբ իմանան գաղտնիք մը, զայն ուրիշին փոխանցած պահուն այնքա՜ն կարեւորութիւն կու տան անոր, մտածելով, որ այդպիսով իրենց անձն ալ կարեւորութիւն ստացած պիտի ըլլայ…:
Գաղտնիք մը դրամէն աւելի շուտ եւ աւելի արագ շրջանառութեան մէջ կը մտնէ…: Խիկար իմաստունի խրատներուն մէջ կը կարդանք, որ նոյնիսկ նուազագոյն գաղտնիքդ պէտք չէ՛ վստահիս բարեկամիդ, երբ զայն նախապէս փորձած չես: Իսկ նոյն փորձագէտ իմաստունը բնաւ չի՛ խրատեր գաղտնիք վստահիլ կնոջ, նկատի ունենալով անոր լեզուին տկար բնութիւնը այս գծով: Միայն մէկ գաղտնիք այնքան ամուր կը պահէ իգական սեռը, որ հազիւ մահուամբ կը բացայայտուի, այն ալ իր տարիքն է:
Գաղտնիքները ծանր պարտաւորութիւններ են մեր ուսերուն դրուած: Անոնք երբեմն այնքան ծանր են, որ կը դիմենք ուրիշներուն՝ մեզի հետ շալկել այդ բեռը: Ըստ ոմանց, կան թեթեւ գաղտնիքներ, զոր կարելի է բաժնել ուրիշներուն, իսկ ծանրագոյնները՝ բնա՛ւ երբեք: Կեանքի գաղտնիքները հասարակաց գիծ մը ունին՝ բոլորն ալ մարդ էակին կը վերաբերին: Կա՛մ անոր անձնական կեանքին գաղտնիքներն են եւ կամ՝ անոր փոխյարաբերական կեանքին հետ առնչութիւն ունին:
Սակայն կան գաղտնիքներ, որոնք դարձեալ անձիդ կը պատկանին, եւ որոնք բնաւ կիսելի պէտք չէ՛ ըլլան ուրիշներու հետ: Արգիլուա՛ծ է զանոնք ուրիշներու բաշխել, վստահիլ, վաճառել եւ կամ փոխ տալ…: Սովորական մտածելակերպ ունեցողներու համար վերոյիշեալ գաղտնիքները ամուսնական յարաբերութեանց գաղտնիքները կրնան ըլլալ, յոռեգոյն պարագային: Անցեալին, երբ հազուադէպ եղած են ամուսնալուծումները, ընկերութիւնը խնայուած է եղած դատարաններու եւ հրապարակային խոստովանութիւններու ճամբով քայքայուած ամուսնութիւններու ներքին կեանքը, ուղղակի կամ անուղղակիօրէն ուսումնասիրելու տգեղ ու տհաճ կացութենէն: Նոյնիսկ հիմա, երբ այնքան դիւրաբեկ են ամուսնական ուխտերը եւ այնքան շատցած վերամուսնութիւնները, նախկին թէ ներկայի ամուսիններ անբռնաբարելի պահելու են իրենց ամուսնական գաղտնիքները: Սակայն դարձեալ ասո՛նք ալ չեն գաղտնի մնալու սահմանուած գաղտնիքներդ:
Վիշտերդ, նեղութիւններդ, ցաւերդ ու դժուարութիւններդ են, որոնք դատապարտուած պէտք է ըլլան գաղտնի մնալու: Մէկուն նիւթական դժուարութիւնը, միւսին՝ հոգեկան ցաւը, երրորդի մը՝ կեանքէն ստացած նեղութիւնները պէտք չէ՛ հրապարակուին նոյնինքն զայն զգացող անձին կողմէ: Ուրիշներ կրնան ենթադրութիւններ կատարել՝ դատելով մեր արտաքին երեւոյթէն: Սակայն այդ գաղտնիքները սահմանուած են գաղտնի մնալու: Վստահ եղիր, որ զանոնք հրապարակելով լացդ պիտի չդադրի: Ի միջի այլոց, ոմանք լալկան ծնած են եւ այդպէս ալ պիտի շարունակեն ապրիլ մինչեւ վախճանը իրենց կեանքին: Անոնք նոյնիսկ նիւթական լաւ պայմաններու ալ հասնին, կամ դարմանեն իրենց հոգեկան խռովքը եւ կամ հաւասարակշռելով իրենց փոխյարաբերական կեանքը՝ հասնին ցանկալի երջանկութեան, դարձեալ պիտի լան, վարժութեան վերածած ըլլալով անտեղի լացը: Հանդիպած եմ հարուստներու, որոնք համոզուած են, թէ՝ լալով ու մուրալով աւելի՛ կրնան հարստանալ: Սա ալ կեանքի տգէտ փիլիսոփայութիւն կարելի է կոչել:
Ծածուկ վիշտերդ պատմելով ուրիշին, քեզի այնպէս կը թուի, թէ կը թեթեւնան անոնք ուսերէդ: Սակայն շատ կարճ պահուան մը համար է այդ խաբկանքը: Դուն առանձինդ պիտի կրես զանոնք: Պէտք չէ՛ երբեք մտահան ընել իմաստունին խօսքը, որ կ’ըսէ. երբ կը խնդաս՝ ամբողջ աշխարհը քեզի հետ կ’ուրախանայ. բայց երբ կու լաս՝ քեզի հետ լացող չես գտներ:
Վիշտերդ, ցաւերդ, դժուարութիւններդ ու նեղութիւններդ վաճառքի մի՛ հաներ, այլ պահէ՛ զանոնք իբրեւ գաղտնի մնալու սահմանուած գաղտնիքներ եւ դուն շարունակէ ժպտալ կեանքին… յամառօրէն: