ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Այսօր, Հոկտեմբեր 21ին, Հայաստանի մինչեւ 19 տարեկաններու ազգային հաւաքականը՝ գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլբուդաղեանցի գլխաւորութեամբ, պիտի մեկնի Կիպրոս, ուր Հոկտեմբեր 27էն Նոյեմբեր 2 տեղի պիտի ունենայ մինչեւ 19 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութեան որակաւորման փուլի խմբային մրցաշարքը:
Կիպրոս պիտի մեկնին նաեւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Եան Փորթըրֆիլտ եւ մինչեւ 21 տարեկաններու ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Սամուէլ Պետրոսեան:
Եօթներորդ խումբին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Հունգարիոյ, Կիպրոսի եւ Ատրպէյճանի ազգային հաւաքականները:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականի Հոկտեմբեր 27ին պիտի մրցի Ատրպէյճանի, Հոկտեմբեր 29ին Կիպրոսի, իսկ Նոյեմբեր 1ին՝ Հունգարիոյ հաւաքականներուն հետ: