Ինգա եւ Անուշ Արշակեաններուն նուիրուած իմ 4րդ յօդուածին մէջ կ՚ըսէի, թէ մեր աչքերն ու ականջները բոլորովին անբաւարար էին լրիւ ընկալելու համար երկու քոյրերուն բարձր արուեստը եւ ըմբոշխնելու՝ անոնց ստեղծագործական սխրանքն ու խոր ինքնատպութիւնը։
Արդի ռաք կամ փափ տիպի – կամ եթէ ուրիշ «ոճ»եր ալ կան ձայնի համաժողովրդայնացման համաշխարհայնացումի այս մագլցումին մէջ – արտայայտութեանց առաջին պայմանը կը թուի ըլլալ մարդկային մեր երկու զգայարանքները, ականջ եւ աչք, գրգռելը եւ անվերջ մտրակելը, ինչ որ շատ կապ չունի արուեստ կամ մշակոյթ հասկացութեան հետ։ Գիտենք, եւ անգիտաց պիտանի, որ աչք եւ ականջ շուտ կը յոգնին, շուտով կը ձանձրանան, նոյնիսկ շուտ կը յագենան ծանր եւ յարատեւ շարունակուող բարձրագոռ աղմուկէն, օրինակ՝ անվերջ մեր ուղեղը ծեծող-հարուածող թմբուկ-ծնծղայ-ճիչ արձակող գործիքներէն։ Այդ է պատճառը, որ շլացումի հմայքը կը գործադրեն այն խմբակները, որոնք ստեղծագործական թափէ եւ երեւակայութենէ զուրկ են եւ իրենց ուժը կը կեդրոնացնեն աղմկարարութեան վրայ, շարժող գոյներու եւ բեմական որեւէ շարժումի, անվերջ տեղափոխութիւններու եւ անկշռադատուած ցատկռտուքներու ամբողջ համակարգի մը վրայ, միա՛յն աչք ու ականջ զբաղեցնելու սիրոյն, ինչ որ վայրի ճիչեր կը խլէ եւ գոհունակութեան անզուսպ պոռթկումներու տեղի կու տայ անտաշ, մատղաշ, դեռատի եւ նորափթիթ նոր տեսակի ունկնդիրներու դասակարգին ներկայացուցիչներուն կողմէ, անոնք, որոնց մօտ բուռն արտայայտութեանց եւ ներուժի սպառումի կարիքը կայ եւ փափաքը՝ բեմականացած որեւէ երգ-պար-աղմուկի մէջ համադրուելու եւ հոն լուծուելու։ Ուրիշ կերպ ըսուած՝ աժան թմրադեղի յագեցումի պահեր ապրիլ խմբովին, բեմէն արձակուած աժաննոց հաշիշ ներծծելով, առանց ենթարկուելու ոստիկանական յարձակումներու։ Ուստի, սկսելու համար, զգուշանանք շփոթելէ արուեստ հասկացութիւնը ընկերաբանական-ժողովրդավարական այս նոր շարժումներուն հետ։
Տեղւոյն «Համազգային»ի մշակութային յանձնախումբը մէկտեղած էր հինգ խմբակներ, որոնց ունկնդիրը հանդիսացանք Կիրակի, 14 Յունուար 2007ի երեկոյեան, Կլէնտէյլի «Ալեքս» հանդիսասրահէն ներս։ Հոն ի հարկէ կային վերի բնորոշումներուն համապատասխանողներ. չեմ քննադատեր, ոչ ալ կ՚այպանեմ, քանզի փորձելը եւ «համտեսելը» ո՛չ մեղք է, ոչ ալ ամօթալի արարք մը, մանաւանդ որ, ինչպէս ըսինք, մեր դարը յատկանշող զօրաւոր երեւոյթներէն է. ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ ով կ՚երթայ, ով կը մնայ, մանաւանդ ո՜վ կը փոխուի եւ կ՚ազնուանայ եւ ո՜վ կը յամառի պոռպռալ ու պոռչտալ, անգիտակից կամ գիտակից իր վիճակին։ Մենք ունինք երեւելի օրինակ մը խումբի մը, զոր երկար տարիներ փորձեց, պապէն աւելի կաթոլիկ ձեւանալով, Ամերիկայի առաջնակարգ արտադրութիւններէն եղող հաճոյապաշտութեան բոլոր կաթսաներէն համտեսել եւ, ի՜նչ հրաշք, տեսնելով, որ իր ուտելիք ապուրը չէ, ան ազնուացաւ ու կերպարանափոխուեցաւ, հայացաւ եւ իր ստեղծած խանդավառութեամբ հայկական յորձանքի մէջ առաւ վերը յիշածս մատղաշ, անտաշ, դեռատի հայ տղաքը, եւ այսօր յարգանք կը պարտադրէ ամէնուրեք։ Խօսքս կը վերաբերի «Էլէմընթ» խմբակին (Ա. Տապանճեան, Ս. Գուճաքեան, Կարս Շէրպէթճեան, …), որուն թէ՛ խտասալիկին («Եւ Օ Ֆ») ծանօթացայ եւ թէ վերջերս տուած համերգին ներկայ եղայ։ Չեմ մանրամասներ, տրուած ըլլալով, որ այս խումբը մաս չէր կազմեր Կիրակի օրուան հանդիսութեան։
«Համազգային»ի կողմէ հրաւիրուած խումբերէն երեքը Լոս Անճելըսի մէջ ստեղծուած են, իսկ երկուքը, բացառապէս կանացի, կը պատկանին Նիւ Եորքի շրջանին։ Կային նաեւ երկու խեղկատակաբաններ (չըսելու համար «մասխարաներ») իբրեւ հանդիսավարներ։
Առաջին երեք խումբերու մասին շատ բան չկայ ըսելիք. անոնք ձեւով մը մանրապատկերը կը ներկայացնեն լոսանճելըսեան շուկայական անհակակշռելի հրմշտուքին։ Բացայայտ է, որ «Դալուլա» կարիքը ունի խորունկ եւ ճիշդ ու հայօրէն շնչելու։ Գոռ Մխիթարեանին կը պակսին հայ երգին աւելի խորը ճանաչողութիւնը եւ արտայայտութեան թարմութիւնը. կարելի չէ հայ երգը խեղդել Լոս Անճելըսի նեխած աւազանին մէջ՝ զայն նուաստացնելով անպայմանօրէն ամերիկահամ բան մը ընծայելու մարմաջէ բռնկած։ Բարեբախտաբար Գոռ մասամբ վերագտաւ իր ճիշդ թրթռացումը հանդէսին վեջաւորութեան՝ խմբական երգեցողութեան ընթացքին։
Ութ անդամներէ բաղկացած «Վիզա» խումբը համակրելի է եւ լաւ կազմակերպուած. բոլորն ալ արհեստավարժ երաժիշտներ՝ անոնցմէ առատօրէն բխող երաժշտութիւնը ճաշակաւոր է եւ նրբօրէն տեղ տրուած է դուդուկին (Չիվան Գասպարեանի թոռը)։ Հակառակ խումբին հարուածայիններու հրետանիին, երբ դուդուկը կը խօսէր, բոլոր նուագարաններն ալ կը մեղմանային՝ խոնարհելով դուդուկին վեհութեան առջեւ։ Ինչ որ պիտի ցանկայինք ըսել, հետեւեալն է. ձայնաղմուկները կէսով նուազեցնել, հակառակ անոնց որակական արժէքին, եւ ի յայտ բերել ու աւելի զարգացնել ոչ միայն դուդուկը, օրինակ՝ անոր աւելի տեղ տալով եւ միայնակ բաժիններ հնարելով, այլ խումբին շէֆը եղող կիթառահարին երգի բաժինները աւելի ընդլայնել, աւելի հիմնաւորել, երգ-կիթառ յատուկ հատուածներով բարեխառնել միահեծան աղմկարար նուագարաններու միապետութիւնը։ Խումբին արժէքաւոր տհոլահարային անցքերը աւելի «ժլատօրէն» հրամցնել՝ համը բերանը ձգելով ճաշակաւոր ունկնդրողին մօտ։ Եւ ընդհանրապէս զսպութիւն, կոկիկութիւն բացակայ են այս կարգի խումբերէն. կարծես մրցումի ելած ըլլան տեսնելու համար, թէ որո՞ւն տրամ(թմբուկ)աթիկ պայթիւնները աւելի ուժգին են եւ խլացուցիչ։
Յուշեր, ծնած եւ մեծցած Ն. Եորքի մէջ, կը փորձէ ամերիկեան իր ոստանին մէջ հայկական ծառեր տնկել։ Պտուղները որձեւէգ են։ Արդիւնքը բաւարար չէ. դիւրութեան կը զոհէ պրպտումի ոգին։ «Ասում են ուռին» երգը չէ ըմբռնուած. լաւ ուսուցիչի, լաւ հայ ուսուցիչի կը կարօտի Յուշերը, մէկը, որ իրեն սորվեցնէ հայկական քնքշութեան, ո՛չ մեղկութեան, նուրբ գաղտնիքը։ Եւ այդ ուսուցիչներէն ան ունի իր կողքին – երեք իրաւ հայ եւ ճշմարտապէս երաժիշտ աղջիկներ՝ «Զուլալ»ը։
«Զուլալ» երրորդութեան մասին կարելի է էջեր գրել։ Գրութեանս սկիզբը խօսեցայ Արշակեան քոյրերուն մասին. քիչ մը նուազ ինքնավստահ, քան Ինգան եւ Անուշը, հայ լեզուին ոչ քաջածանօթ, բայց ամբողջովին հայ հոգիին մէջ թաթխուած, այս շատ նրբիկ, շղարշահիւս, մէկը միւսէն աւելի զուլալ եւ քնքուշ երեք աղջիկները ապագայի Արշակեաններն են։ Ասիկա փոքր մեծարանք-ծաղկեփունջ մը չէ, որ կը նուիրեմ «Զուլալ»ին։ Այս երեք հայուհիները ընտրած են ճի՛շդ ճամբան, ազնիւ, բայց դժուար, անաղմուկ եւ արեւահամ կածաններէն որոշած են քալել. հայ երգին կը մօտենան հայօրէն, յարգալից, բացսիրտ, զուարթագին հարազատութեամբ։ Եւ, ո՜վ զարմանք, հանդիսատես ունկնդիրները, այս անգամ, շիտակ հասկցան հայ երգին այս երեք նուիրեալները եւ բացառիկ խանդավառութեամբ քաջալերեցին անոնց ելոյթը, շատ աւելի, քան միւս չորսին, ինչ որ բարի լուր է մեզի համար. օրինակ, ինքնաբերաբար սրահէն ծայր տուած կշռութաւոր ծափերը, «Խորոտիկ մորոտիկ» երգի կամ «Ղափամա»ի սկիզբը, շուտով լռեցին, երբ նկատեցին, որ խաղուպարէ անդին բաներ կան, նրբութիւններ կը հիւսուին իրենց գիտցած «Ղափամա»ին վրայ, հետաքրքրութիւնը սրեցին եւ մոռցան, ըսենք կերուխումային որակելի զբօսանքային զուարճութիւնը՝ գեղեցկութիւն ըմբոշխնելու համար։ Ներքնապէս հրճուեցայ, որ այս անգամ մինակս չեմ համովին համով ըսող… արդեօ՞ք բան մը կայ փոխուած մեր հասարակութեան մէջ. ուրեմն ճի՛շդը, գեղեցիկը եւ ազնուականը կարելի է ճանչնալ եւ գնահատել փոքր ինչ յաւելեալ ճիգով՝ անդին անցնելով լոկ զգայարանքներով սահմանուած սնամէջ սփոփանքէն. այս երեւոյթը շատ յուսադրիչ է։
Ուրիշ առիթով մը կը վերադառնամ «Զուլալ»ին՝ քիչ մը երաժշտական վերլուծում-քննարկում կատարելու, բայց կրկին շեշտեմ, որ «Զուլալ»ը վայելք է, կը մաքրէ եւ կը պայծառացնէ հոգիդ, քանի որ վաւերական են երգերն ալ, երգելու եղանակն ալ, տրամախօսական բեմականացումն ալ։ «Ղափամա»ն ստեղծագործական ոլորտներ կը թեւածէ։ Համեստ վերապահութիւն մը ունիմ «Քէլէր ցոլեր»ու նկատմամբ. Կոմիտասի այս զգլխիչ գլուխգործոցը կարելի չէ թելով մատնոցով ուլունքով զարդարել. կշռոյթը մանաւանդ պէտք եղածէն կրկինը արագ էր։ Պարզաբանել պէտք չէ միշտ աղքատացում նշանակէ, բայց սիրով եւ նուիրումով կատարուած ամէն գործ գնահատելի է, նոյնիսկ այս պարագային։
Բարի ճանապարհ մեր երեք զուլալ անուշիկներուն։