Պատկերասփիւռի Պի. Պի. Սի. կայանը Երկուշաբթի, 11 Դեկտեմբերին կատարեց արտասաովոր բացայայտում մը, որ յամենայն դէպս անակնկալ մը չէր արիւնալի տագնապներու զարգացման հետեւողներու համար։
Լրատու խօսնակին հետ հարցազրոյցի մը պահուն, ամերիկեան խորհրդարանի ներքին խոհանոցին քաջածանօթ լրագրող մը, բառերը քիչ մը ծամծմելով, յայտնեց, թէ «միջազգային ահաբեկչութիւն»ն ու յատկապէս Իրաքի հարցերը քննարկող, այդ ճամբով իշխանութիւններուն խորհուրդ տուող իմաստուն այրերէն շատեր… իսկական տգէտներ են, որովհետեւ երբ անոնց հարցումներ ուղղուած են տարրական իրականութիւններու մասին, անոնք չեն կրցած պատասխան տալ։ Օրինակ, անոնք չեն կրցած յստակ պատասխան տալ, թէ ի՞նչ է տարբերութիւնը սիւննիին ու շիին միջեւ, կամ՝ Ուսամա պըն Լատէնը արդեօք սիւննի՞, թէ շիի համայնքի հետեւորդ է, եւայլն։
Թերեւս նման հարցումներու պատասխանները այդքան ալ կապ չունին իրողական զարգացումներու հետ, որոնք կը հրահրուին նման բաժանումներու անուան տակ, գրգռելով հակադրութիւններ։ Այսուհանդերձ, օրինակը բարացուցական է եւ անպատասխան կը ձգէ այն հարցումը, որ տարրական իրողութիւններու անծանօթ ու անհաղորդ իմաստուններ ինչպիսի՛ խորհուրդներ կրնան տալ գործադիր մարդոց (եթէ պահ մը մոռնանք, որ այդ գործադիրներն ալ վարագոյրներու ետին գործողներու կամակատարներն են յաճախ)։
Նման բացայայտում անակնկալ ու տարօրինակ չէ, ոչ ալ աննախընթաց։ Տանք շատ թարմ ուրիշ օրինակ մը։
Դեկտեմբերի առաջին շաբաթուան ընթացքին, ծերակուտական յանձնախումբ մը հապճեպ հարցապնդումէ մը ետք Սի. Այ. Էյ.ի նախկին վարիչներէն Ռապըրթ Կէյթսը հաստատեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին, նոյնքան հապճեպօրէն հրաժարած Տանըլտ Ռամսֆելտը փոխարինելու համար։ Հարցապնդումը ձայնասփռուեցաւ ամբողջութեամբ։ Հարցապնդող ծերակուտականներէն մէկը (որուն անունը վրիպեցաւ մեր ուշադրութենէն) մօտաւորապէս հետեւեալ բառերով հարցումներ ուղղեց թեկնածու Կէյթսին. «Նկատի ունենալով, որ մենք (իմանալ՝ ամերիկեան իշխանութիւնը) 25 միլիոն տոլար գլխագին ճշդած ենք Ուսամա պըն Լատէնի համար եւ սակայն, ահաւասիկ տարիներէ ի վեր զայն մատնող մը չենք գտած, ի՞նչ կը կարծէք, արդեօք եթէ գլխագինը շաբաթական մէկ միլիոն տոլարով բարձրացնենք, ի վերջոյ պիտի գա՞յ այն օրը, երբ պիտի ունենանք մատնող մը։ 25 միլիոն տոլարը բաւ չնկատողը՝ վաղը կրնայ 35-40 միլիոն տոլարով կրնա՞յ մատնել պըն Լատէնը. մեզի համար 40 միլիոն տոլարը մանրուք մըն է (peanuts) համեմատած այն հսկայական գումարներուն, զորս կը ծախսենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարին համար…»։
Հարցապնդողին արտայայտութիւնը լուրջ էր, հեգնանքի հետք չունէր։
Նման չնաշխարհիկ մտածումի մը հեղինակը ո՛չ միայն կը մատնէ այն ճշմարտութիւնը, որ բարձր տեղերու վրայ գտնուող մարդիկ իրականութեան մէջ չեն ըմբռներ աշխարհի հեռաւոր շրջաններու իրադարձութեանց դրդապատճառներն ու նման խմբաւորումներու անդամներուն հաւատարմութեան բնոյթը (չենք ուզեր խօսիլ այն վարկածներուն մասին, թէ Պըն Լատէն արդէն մահացած կամ սպաննուած է, կամ՝ կը վայելէ զինք հետապնդողներու պաշտպանութիւնն ու հոգածութիւնը եւայլն), այլ նաեւ կը մատնեն իրենք զիրենք, ամէն հարցի լուծումի բանալին տեսնելով միայն դրամի մէջ (այլապէս չենք արհամարհեր դրամի ուժին տարողութիւնը), ու տակաւին՝ նկարագրային այն «բարեմասնութիւնը», որ նման մտածումի տէր մարդ… ինք եւս կրնայ ի վերջոյ «ծախուիլ» տուեալ հարցի մը առիթով, նայած՝ թէ ո՛վ ի՞նչքան կը վճարէ իրեն։
Իմաստութեան ու տգիտութեան միջեւ սահմանը արդեօք նմա՞ն է հանճարը խելագարէն բաժնող մազին…։ (Ի դէպ, նոյն Երկուշաբթի օրը հաղորդուեցաւ, որ նախագահ Պուշ Իրաքի գծով նոր քաղաքականութիւն մը մշակելու համար եռօրեայ աշխատանք մը բացած է ու իմաստուն մարդոց խորուրդին պիտի դիմէ)։