ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Թուրքիյէ» թերթը կը հաղորդէ, թէ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնն ու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կազմած կառավարութիւնը, որոնք գրեթէ ոչ մէկ հարցի մէջ կրցած են համաձայնիլ իրարու հետ, համաձայնած են միասնաբար շարժելու Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի մօտ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացման արգելք հանդիսանալու համար։
Արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ, Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան նախագահի տեղակալ Օնուր Էօյմէնի ու նոյն կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի փոխնախագահ Ալի Թօփուզի հետ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ, որոշելով գործակցիլ հայկական բանաձեւի դէմ աշխատանքներուն ընթացքին:
Այս նպատակով երկու կուսակցութիւններէն բաղկացած երեսփոխանական պատուիրակութիւն մը Միացեալ Նահանգներ պիտի մեկնի։ Պատուիրակութիւնը Ուաշինկթընի մէջ տեսակցութիւններ պիտի ունենայ Ներկայացուցիչներու տան ու Ծերակոյտի անդամներուն հետ։