Ինչո՞ւ չէ, այո, յառաջդիմութիւն կարելի է նկատել այն փաստը, որ ըստ «Պիզնէսուիք» շաբաթաթերթին, ամերիկեան մեծ ընկերութեան մը տնօրէնին միջին տարեկանը 369 անգամն է պարզ աշխատաւորի մը ստացածէն:
1970ին, 36 տարի առաջ, այդ համեմատութիւնը 1ի դէմ 28 էր:
Չէ՞ք տեսներ «յառաջդիմութիւնը», երբ երկրի տնտեսական բարգաւաճումը նորանոր բարձունքներ նուաճելով հսկայաքայլ ոստումներ կը կատարէ…
Խորքին մէջ, յառաջխաղացքը կրնար իսկական համարուիլ, եթէ մօտաւորապէս նոյն չափով բարձրացած ըլլար համեստ պաշտօնեային կամ աշխատաւորին ստացած տարեկան գումարը: Սակայն թիւերը կ’ըսեն, թէ եղածը ոչ թէ յառաջխաղացք է, ոչ թէ տնտեսական զարգացում է, այլ՝ ընդհակառակը, ընկերային-տնտեսական լուրջ բեւեռացումի առաջնորդող տուեալ է: Տուեալ մը, որ ցոյց կու տայ դասակարգերու միջեւ խրամատի անընդհատ ընդարձակումը: Մինչդեռ, այդ խրամատի յարաճուն նեղնալն է, որ տուեալ երկիրը կը զետեղէ բարգաւաճող եւ ընկերային-տնտեսական հաւասարակշռուած համակարգ ունեցող արդիական երկիրներու ցուցակին վրայ:
Հոս եղածը ակնառու անարդարութիւն է: Անտեսումն է պարզ աշխատաւորի իրաւունքներուն: Անտեսում, որ իրերու ներկայ ընթացքով կ’առաջնորդէ դէպի կեղեքում եւ շահագործում: Կամ՝ միւս կողմէն դիտելով, կեղեքումի եւ շահագործումի արդիւնք է ստեղծուած անարդար եւ անհաւասարակշիռ կացութիւնը:
Տուժողը խորքին մէջ միջին դասակարգն է: Այն դասակարգը, որ որեւէ հասարակութեան պարագային ներքին ընկերային-տնտեսական կայունութեան երաշխաւորն է:
Դժգոհ չենք կրնար ըլլալ, որ ընկերութիւններու տնօրէններ ստանան բարձր ռոճիկներ: Ի վերջոյ, լուրջ եւ ծանր պատասխանատուութիւն վերցուցած են իրենց գրասենեակներէն ներս: Սակայն հարց ունինք, երբ պարզ աշխատաւորին ստացած վարձատրութիւնը քայլ չի պահեր ընդհանուր դրուածքին հետ եւ արդիւնքը կ’ըլլայ այն, որ եկամուտի արդար բաշխում տեղի չ’ունենար: Իսկ երբ կը բացակայի այս արդար բաշխումը, հետեւանքները ծանր կ’ըլլան բոլորին համար:
Այնպէս որ, «Պիզնէսուիք»ի փոխանցած թիւերը ոչ թէ յառաջդիմութեան ցուցանիշ չեն, այլ՝ նոյնիսկ կարելի է զանոնք վտանգաւոր կացութեան մը ահազանգը նկատել: