Որքա՜ն լաւ է ժամանակին մեռնիլը, ողջութեանս կառչած էի կեանքին, կը կարծէի եթէ մեռնիմ, աշխարհը փուլ պիտի գայ իմ պատճառովս: Կարելի եղածին չափ շուրջիններուս կը ձգէի, որ օգտակար ըլլան ինծի, չէի մերժեր որեւէ առաջարկ: Նոյնիսկ բնական պէտքերուս մաքրութիւնը կամ գաւաթ մը ջուրը, մտածելով, որ շնորհ մը ըրած կ’ըլլամ հարազատներուս, բարեկամներուս, դրացիներուս եւ ընկերներուս, եթէ չմեռնիմ:
Մահանալէս ետք շատ զղջացի, որ ինչո՞ւ 15 տարի առաջ չհեռացայ այդ աշխարհէն: Կը կարծէի իւրաքանչիւր խօսքս ադամանդի մը չափ արժէք ունի, բայց չուտուիր, միայն կը պահուի: Եկուր տես, որ ուտուելու համար ոսպի չափն ալ բաւարար է:
Հիմա մտիկ ըրէ, որ պատմեմ իրենց ըսածները թաղուելէս ետք:
– Սա ծերուկը ի՞նչ հասկցաւ արդեօք այսքան երկա՜ր ապրելով:
– Կինը մահացաւ 15 տարի առաջ, ինքն ալ պէտք է չուէր այն ատեն:
– Մանաւանդ կինը իրմէ ութ տարի ալ փոքր էր:
– Ծերանոց գնա՛ եւ տես, բնակիչները մեծամասնութեամբ կիներ են, որոնք իրենց ամուսինները շատո՜նց թաղած են:
– Այս ծերուկը յամառեցաւ հանգստեան տուն երթալու: Կը սպառնար, որ եթէ հոն երթայ, կը մեռնի եղեր:
– Կարծես իր ապրիլը փափաքող կար մեր մէջ:
– Ժառանգ՝ ձգեց մեզի, ճիշդ է, բայց ե՞րբ, մեր ծերանալէն ետք:
– Մանաւանդ դրամին արժեզրկումէն ետք, ի՞նչ կ’արժէ եղածը:
– Եթէ դրամը իր արժէքին մէջ եղած ատենը ունենայինք, գէ՞շ կ’ըլլա՞ր:
– Դրամին վրայ թուխսի նստաւ առանց ածելու:
– Բարեբախտաբար, ունեցած կալուածը արժեւորուեցաւ: 1ը 4 եղաւ:
– Քիթս կը փրթէ՛ր տակը փոխած ատենս, ժառանգին մեծ մասը ինծի պէտք է մնայ, մանաւանդ՝ ես այրի եմ:
– Ան է, հա՜, թաղման օրը ուրախ էիր, շուրջիններդ կը զուարճացնէիր:
– Իսկ դուն, եղբայր իմ, հօրդ քառասունքի հոգեճաշին խմելէն ետք, ցափրտուքներդ, հայհոյանքներդ, վէճերն ու կռիւները այդքան մը յառաջացուցիր, վերջապէս ոստիկանութիւնը միջամտեց, անմիջապէս ձերբակալեցին թոռնիկդ, որուն մայրը, սիրտէն զարնուածի պէս, կաթուածահար ինկաւ գետին եւ մինչեւ հիմա հիւանդանոցին մէջ կը հիւծի, իսկ թոռնիկդ՝ բանտին մէջ:
– Ուրախանալու համար, հազիւ մարդուն մահը տօնելու առիթը ստեղծեցինք, հիմա ժամանա՞կն էր կնոջս եւ զաւկիս ցաւը նորոգելու:
– Է՜ է՜ է՜, կինդ արդէն որեւիցէ առիթով կ’ուզէ մեր գութը շարժուն պահել, ոչ առաջինն է, ոչ ալ՝ վերջինը, շա՜տ ըսած ես, մեռներ ալ, ազատէի, հիմա ցա՞ւ իր վրայ: Իսկ տղուդ թղթածրարը շատոնց ոստիկանութեան արխիւին մէջն է, վստահ եմ, շատ ուրախ ես, որ քու տեղդ տղադ ձերբակալուեցաւ:
– Հապա կ’ուզէի՞ր, որ 70 տարիքէս վերջ բանտի կերակուրը ճաշէի:
Լսեցի՞ր, պրն. թղթակից: Որքա՜ն լաւ է ժամանակին մեռնիլը, երանի 82-83 տարիքիս մեռնէի, առանց հարազատներուս այս խօսքերը լսելու: Լաւ չէ՞ր: Ուրիշ առթիւ աւելի թղթակցութիւն կ’ունենաս: Ցտեսութիւն: