ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 17ին, Գիւմրիի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ հիւպատոսարանի առաջին մասնաշէնքին: Իտալերէնի եւ պատմութեան ուսուցման դասարան եւ գրադարան ունեցող այս մշակութային կեդրոնը ժամանակաւորապէս պիտի ծառայէ նաեւ իբրեւ Իտալիոյ հիւպատոսի պաշտօնական նստավայր՝ մինչեւ հիւպատոսարանի գլխաւոր կառոյցի շինարարութեան աւարտը:
Կեդրոնի բացման ներկայ, Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մարքօ Քլեմենթէ ընդգծեց Գիւմրիի մէջ իտալական ներակացուցչութիւն ունենալու փաստը եւ նշեց, որ կեդրոնի բացումով անգամ մը եւս կ’արժեւորուի երկու երկիրներուն միջեւ մշակութային կապերու ամրապնդումը:
Ըստ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ գլխաւոր հիւպատոս Անթոնիօ Մոնթալտոնի, նորաբաց կեդրոնը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ թէ՛ մշակութային կապերու եւ ծրագիրներու եւ թէ զբօսաշրջութեան նոր ծրագիրներու իրականացման համար:
Կեդրոնի բացման ներկայ էին քաղաքային եւ մարզային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, մշակոյթի գործիչներ եւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոս Եուրի Խրիլով: