ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Դեկտեմբեր 18ին, Կլէնտէյլ քոլէճի հոգաբարձութեան խորհուրդը որոշեց Հայաստանի Կապան քաղաքի պետական ճարտարագիտական համալսարանը քոյր հաստատութիւն հռչակել:
2002ին, Կլէնտէյլ եւ Կապան քոյր քաղաքներ հռչակուած եւ համապատասխան փաստաթուղթ ստորագրած էին: Յաջորդ տարին, Կապան այցելեցին Կլէնտէյլէն խումբ մը գործարարներ, ինչպէս նաեւ քոլէճի հոգաբարձութեան կազմէն դոկտ. Արմինէ Յակոբեան եւ Արա Նաճարեան, որոնք հանդիպում ունեցան Կապանի նշեալ դպրոցի պատասխանատուներուն հետ:
Կլէնտէյլ քոլէճի հոգաբարձութեան խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Ա. Յակոբեան Կլէնտէյլ-Կապան քոյր քաղաքներու ընկերակցութեան ըսաւ, թէ իրենք խանդավառ են քոյր դպրոցներու գաղափարով եւ տրամադիր են իրենց վարչական, ակադեմական ու այլ տեսակի գիտելիքներն ու փորձառութիւնը փոխանցելու Կապանի պետական ճարտարագիտական համալսարանին:
Ընկերակցութեան նախագահ Արթին Մանուկեան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց քոլէճի պատասխանատուներուն, որ ընդառաջած են քոյր դպրոցներու գաղափարին եւ համապատասխան որոշում կայացուցած: