Երէկ, Երկուշաբթի, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր կը յայտարարէ, որ Երեւանի մէջ լոյս տեսնող «Ազգ» օրաթերթը, ժամանակ մը առաջ, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կամքին հակառակ եւ առանց որեւէ հաւանութեան, փոխանցուեր է այլ սեփականատիրոջ:
«Դժբախտաբար, սխալ այդ կարգադրութիւնը ուղղելու համար տարուած բազմաթիւ աշխատանքները տակաւին չեն յանգած դրական արդիւնքներու», հետեւաբար, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը պաշտօնապէս կը յայտարարէ թէ, «իր ներկայ վիճակով, «Ազգ» օրաթերթը եւ իր բովանդակութիւնը բացարձակապէս ոչ մէկ առնչութիւն ունին Ռամկավար ազատական կուսակցութեան հետ»:
Միւս կողմէ, Հայաստանի Ռամկավար ազատական կուսակցութեան հանրապետական վարչութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր յայտարարուած է, որ անկազմակերպուածութեան, անգործութեան, կապի ի սպառ բացակայութեան եւ այլ պատճառներով, կուսակցութեան վարչութիւնը որոշած է «դուրս գալ Համաշխարհային հայկական քոնկրէսի հիմնադիր կազմից»: