ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 20ին առաւօտ կանուխ, Երեւանի Կոնդ թաղամասին մէջ մեծ հրդեհ ծագեցաւ: Տարածքային կառավարման նախարարութեան փրկարար ծառայութեան աղբիւրները նշեցին, որ դէպքը գիշերը տեղի ունեցած ըլլալով, մարդիկ ուշ նկատած են զայն, եւ կրակը մօտաւորապէս 30-40 րոպէ տարածուած է:
Ահազանգէն անմիջապէս յետոյ Երեւանի տարբեր հրշէջ մասերէն դէպքի վայր ժամանած են վեց հրշէջ մեքենաներ: Հրդեհը զսպուած է առաւօտեան ժամը 6ին: Հրդեհի հետեւանքով ամբողջութեամբ հրկիզուած են 3 բնակարաններ եւ 2 բնակարաններու տանիքներ:
Վնասուածքներ, թեթեւ այրուածքներ ստացած են երկու բնակիչ: