ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19ի, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա Լիբանան վերադարձաւ, շարունակելու համար քաղաքական տագնապին լուծում մը գտնելու նպատակով իր խորհրդակցութիւնները: Ան հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի ու խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի հետ, որոնցմէ ետք Մուսայի խորհրդական մը յայտնեց, թէ խորհրդակցութիւնները դրական մթնոլորտի մէջ կը շարունակուին, առանց մանրամասնելու:
Կ’ակնկալուի, որ երկու օր ետք Մուսա նաեւ Սուրիա այցելէ:
Միւս կողմէ, ընդդիմադիր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշէլ Աուն շեշտեց, որ ընդդիմադիր ուժերը պիտի շարունակեն իրենց քայլերը եւ հետզհետէ աւելի մագլցողական քայլերու պիտի դիմեն, լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն եւ համայնքներուն ներկայութիւնն ու գործակցութիւնը ապահովելով։
Աուն իր խօսքը ուղղելով վարչապետ Սինիորային ըսաւ, որ ան պէտք չունի այս կամ այն մայրաքաղաքները այցելութիւններ տալու, որովհետեւ լիբանանեան ներքին քաղաքական տագնապին լուծումը Լիբանանի մէջ կը գտնուի, եւ ոչ՝ անկէ դուրս։
«Ներկայ տագնապալի իրավիճակին լուծումը կը գտնուի Ռապիէի, Այնէլ Թինէի եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ, այսինքն՝ այդ լուծումը առաւելագոյն չափով լիբանանեան արտադրութիւն է», ընդգծեց զօր. Աուն։
Ան շեշտեց, որ վարչապետ Սինիորայի նախագահած կառավարութիւնը կը միտի երկիրը վերածել առեւտրական ընկերութեան մը։ «Ընդդիմադիր ուժերը ոչ մէկ նպատակ ունին Լիբանանը այս կամ այն երկիրին հոգատարութեան տակ դնելու։ Այդ նպատակը վարչապետ Սինիորայի գերագոյն նպատակն է», ըսաւ ան։
Աուն ամօթ նկատեց, որ Սինիորա Սուրիա այցելելու համար դիմէ Մոսկուայի եւ ապա այցելէ Դամասկոս եւ դարձեալ պահանջեց խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններու կայացումը։
Ան կոչ ուղղեց տնտեսական խորհուրդներուն, որ տնտեսական վատթարացած վիճակին համար պատասխանատու չնկատեն ընդդիմութեան յայտարարած բաց նստացոյցը, որովհետեւ այդ վիճակը 15 տարիներու ընթացքին որդեգրուած տնտեսական որոշ քաղաքականութեան եւ նիւթական բացի կուտակումի հետեւանք է։
Ընդդիմութեան ուժերու համակիրները 19րդ օրն ըլլալով շարունակեցին Ռիատ Սոլհ եւ Նահատակաց հրապարակներուն վրայ իրենց բաց նստացոյցը։ Ցոյցին մասնակիցները երէկ տօնածառեր զարդարեցին եւ հետեւեցան իրենց համար ծրագրուած քաղաքական եւ մշակութային ձեռնարկներուն։