«Մաշտոց» քոլէճի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2006ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, քոլէճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան պիտի ներկայացնէ Արեւմտահայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Կապադովկիոյ պատմական վայրերու լուսանկարներ, աւելի քան 700 հատ: Նկարները առնուած են քոլէճի կազմակերպած ուխտագնացութեան ընթացքին:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլէնտէյլի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ (411 E. Acacia): Մուտքը ազատ է: