ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Փետրուար 13ին, Իրաքի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ որոշած են առնուազն երեք օրով փակել Սուրիոյ եւ Իրանի հետ երկրին սահմանները, Պաղտատի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար սկսած արշաւին ծիրէն ներս:
Նոյն օրը, Պաղտատի համալսարաններէն մէկուն մօտերը տեղի ունեցած պայթումի մը հետեւանքով, սպաննուեցան առնուազն 18 քաղաքայիններ եւ վիրաւորուեցան քանի մը տասնեակ ուրիշներ:
Նաեւ, ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը Երեքշաբթի օր հաղորդեց, թէ Կիրակի օր Իրաքի Անպար նահանգին մէջ տեղի ունեցած զինեալ ընդհարումի մը ընթացքին սպաննուած է ամերիկացի զինուոր մը եւս, այս ամսուան ընթացքին սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը հասցնելով 42ի:
Միւս կողմէ, Իրաքի վճռաբեկ ատեանը վերատեսութեան ենթարկեց Իրաքի նախկին փոխնախագահ Թահա Եասին Ռամատանի դէմ վճիռը եւ զայն վերածեց մահապատիժի, որովհետեւ դատարանին կողմէ արձակուած ցկեանս բանտարկութեան վճիռը շատ մեղմ նկատած էր: 1982ին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի դէմ մահափորձի մը պատճառով Տուճայլ գիւղէն 148 շիիներու մահապատիժներուն համար արդէն կախաղան բարձրացան Սատտամ Հիւսէյն, անոր խորթ եղբայրը՝ Պարզան Իպրահիմ, եւ Իրաքի յեղափոխական ատեանի նախագահ Աուատ Համէտ Պանտար:
Ռամատան նոյն դէպքին մէջ իր դերակատարութեան համար ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած էր: «Աստուած վկայ է, որ ես անմեղ եմ այս հարցին մէջ: Աստուած է նեցուկս եւ Ա՛ն է, որ վրէժս պիտի լուծէ դէմս անարդարութիւն գործողներէն», գոռաց Թահա Եասին Ռամատան վճիռի յայտարարութենէն ետք: