ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեւանայ լիճի մակարդակի բարձրացման հետեւանքով ջրամոյն ըլլալու ենթակայ 95 հեքթար տարածութիւնները մինչեւ Հոկտեմբերի վերջը պիտի մաքրուին ծառերէն եւ թուփերէն: Բնապահպանութեան նախարարութենէն այս աշխատանքներուն յատկացուած է 42 միլիոն դրամ: Աշխատանքներուն կը մասնակցին «Սեւան» ազգային զբօսայգիի աշխատողները, մրցոյթով իրաւունք ստացած կազմակերպութիւնները եւ Գեղաքունիքի մարզի ափամերձ բնակչութիւնը: Վերջիններուն իբրեւ վառանիւթ պիտի տրամադրուի նաեւ հաւաքուած փայտը: Բացի ատկէ, Սեւանի հետագայ զարգացումը ապահովելու նպատակով, շուրջ 10 միլիոն դրամ պիտի յատկացուի աւելի քան 135 հազար հատ «Գեղարքունի» տեսակի տարբեր չափի մանրաձուկեր գնելու եւ լիճը թափելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.