ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի մամլոյ Գրասենեակ, «Նոյեան Տապան».- Նոյեմբեր 20ին նախագահ Ռ. Քոչարեանին իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի մէջ Քանատայի նորանշանակ դեսպան Ռալֆ Լեսիշն (նստավայրը՝ Մոսկուա):
Շնորհաւորելով դիւանագէտը, նախագահը դեսպանին յաջողութիւն մաղթեց իր առաքելութեան մէջ: Քոչարեան նաեւ բարձր գնահատեց Քանատայի կառավարութեան օժանդակութիւնը Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներու գործընթացին:
Նախագահը եւ նորանշանակ դեսպանը ընդգծեցին երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը ընդլայնելու, առեւտրատնտեսական գործակցութիւնը խթանելու անհրաժեշտութիւնը: Նշելով, որ տնտեսական ոլորտին մէջ երկկողմանի ցուցանիշները բաւական համեստ են, Քոչարեան կարեւոր համարեց աւելի համակարգուած աշխատանքը, գործարար շփումներու աշխուժացումը եւ տեղեկատուութեան փոխանակումը եւ յայտնեց, որ Հայաստան շահագրգիռ է սերտօրէն գործակցիլ Քանատայի միջազգային զարգացման գործակալութեան հետ:
Կողմերը երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման մէջ առանձնայատուկ դեր վերապահեցին քանատահայ համայնքին:
Հանդիպման ընթացքին քննուեցան նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան գործընթացի, հայ-թրքական յարաբերութիւններու, տարածաշրջանային այլ խնդիրներու վերաբերեալ հարցեր:
Նոյն օրը, հաւատարմագիրներու կրկնօրինակի յանձնման կապակցութեամբ, նորանշանակ դեսպանը ընդունեց նաեւ արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Կիրակոսեանը:
Նշենք, որ Նոյեմբեր 18ին, Ս. Էջմիածինի մէջ Քանատայի նորանշանակ դեսպանը ընդունած էր նաեւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: