ԹԵՀՐԱՆ, ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20ին Թեհրանի մէջ յառաջիկայ շաբաթավերջին խորհրդակցութեանց հրաւիրեց Իրաքի ու Սուրիոյ իր պաշտօնակիցները, որպէսզի կարելի ըլլայ Իրաքի մէջ տիրող քաոսային վիճակին լուծումի մը եզրեր գտնել:
Յայտնենք, թէ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլէմ Կիրակի օր ամերիկեան ուժերու ներխուժումէն ի վեր աննախընթաց այցելութիւն մը կատարեց Իրաք։
Պաղտատ հասնելէ ետք կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Մոալլէմ հաստատեց, որ Դամասկոս պիտի գործակցի քաղաքացիական պատերազմի առաջքը առնել փորձող իրաքեան իշխանութիւններուն հետ։
«Կը հաւատանք, որ օտար ուժերու Իրաքէն հեռացումի ժամանակացոյց մը պիտի նպաստէ վայրագութեան նուազումին եւ ապահովական վիճակի բարելաւման», ըսաւ ան։
Սուրիական դիւանագիտութեան պետը մերժեց Պաղտատ իր այցելութիւնը Ուաշինկթընի հետ ձիւնհալի նախանշան նկատել։ «Ես ոչ ոքի հաճելի թուելու առաքելութեամբ եկած եմ։ Ես եկած եմ Իրաքի եւ Սուրիոյ ժողովուրդներուն փափաքով», ըսաւ ան։
Իրաքի մէջ բռնարարքները վերջին երկու օրերուն աւելի քան 100 զոհ խլած են: