Մատները կ’ուղղուին դէպի Թուրքիա: Յստակ է:
Խստօրէն կը դատապարտենք Պոլսոյ մեր պաշտօնակից Հրանդ Տինքի անարգ սպանութիւնը, որուն պատասխանատուն Թուրքիան է: Որովհետեւ Անգարայի իշխանութիւնները տասնամեակներով իրենց վարած ուրացման եւ այլատեացութեան վարքագիծով ստեղծեցին այն ենթահողը, ուր միայն ժամանակի խնդիր էր նման ոճիրի մը տեղի ունենալը:
Թուրքիան պատասխանատու է, ինչքան ալ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան կամ իր արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ փորձեն կոկորդիլոսի արցունքներով խաբել աշխարհը, որ իրենք վճռած են երեւան հանել ոճրագործները եւ թէ իրենք այս ոճիրը կը նկատեն Թուրքիոյ միասնութեան դէմ ուղղուած քայլ:
Վերջին հաշուով, Անգարայի մէջ էր, որ մշակուեցաւ եւ պատժական օրէնքի յօդուած դարձաւ այն տրամադրութիւնը, որ պատժելի արարք կը նկատէր Հայկական Ցեղասպանութեան մասին արտայայտուիլը: Նոյն օրէնքի տրամադրութիւններէն մէկն է նաեւ այնքան առաձգական եւ իբրեւ այդպիսին՝ կամայական տնօրինումներու ճամբայ հարթող այն յօդուածը, որ պատժելի արարք կը նկատէ «թրքութիւնը նախատելը»:
Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման վարքագիծը, ինչպէս նաեւ օրէնքի այս տրամադրութիւնները մշակուեցան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ: Այս բոլորին արդիւնքը եղաւ այն, որ հայատեացութեան նպաստաւոր մթնոլորտ ստեղծուեցաւ Հրանդ Տինքին դէմ գործուած ոճիրին համար:
Հիմա, բացարձակապէս նշանակութիւն չունին ոստիկանական հետապնդումները: Անոնք վաղը միւս օր կրնան քանի մը կասկածելիներ ձերբակալել: Թերեւս նոյնիսկ Հրանդ Տինքի գլխուն ուղղուած հրազէնի բլթակը քաշող(ներ)ը: Այս վերջինները պարզապէս ոճրային արարքը գործադրողները կրնան ըլլալ, սակայն ոչ բուն յանցաւորները, որոնք իրենց վարած հակահայ քաղաքականութեամբ, բազմած Անգարայի պետական բարձրագոյն պաշտօնատուներու գրասենեակներուն մէջ, նորանոր դաւեր կը նիւթեն Հայաստանի ու հայութեան դէմ:
Թող լաւ գիտնան Թուրքիան եւ անոր ուրացման քաղաքականութեան մեղսակիցները, որ այս ոճիրը անհատական բնոյթ չունի: Քաղաքական ոճիր մըն է, որուն պատասխանատուները փնտռելու համար պէտք է դէպի Անգարա ուղղել մատները: