ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մայրաքաղաք Երեւանը պէտք է դառնայ ապրելու եւ աշխատելու համար հրապուրիչ եւ յարմարաւէտ քաղաք, որուն բնակիչներու առօրեայ հոգերուն առաւել մեծ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել եւ հնարաւորին չափ քիչ թիւով դժգոհ քաղաքացիներ ունենալ:
Այսպէս ձեւակերպեց նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Երեւանի քաղաքապետարանէն ունեցած ակնկալիքները, Յունուար 19ին տեղի ունեցած աշխատանքային խորհրդակցութեան ժամանակ, ուր քննուեցան 2006ի արդիւնքները եւ 2007ի կատարելիքները:
Նախագահը յայտնեց, որ կատարողական կարգապահութեան տեսանկիւնով քաղաքապետարանի աշխատանքներուն մէջ ակնյայտ է որակական փոփոխութիւն, ակնյայտ է նաեւ աշխատանքներու աճը, սակայն երկիրի տնտեսական աճը եւ մայրաքաղաքի զարգացումը նոր խնդիրներ կ’առաջադրեն, որոնց պէտք է արագ արձագանգել:
Խորհրդակցութեան ընթացքին, Քոչարեան անդրադարձաւ մայրաքաղաքի երթեւեկութեան, զարգացման զուգընթաց ենթակառոյցներու արդիականացման եւ այլ հարցերու:
Անդրադառնալով քաղաքապետ Երուանդ Զախարեանի ներկայացուցած մայրաքաղաքի զարգացման 2007ի ծրագիրին, Քոչարեան ըսաւ, որ թէեւ ան բաւական ծանրաբեռնուած է, սակայն վստահ է, որ ծրագիրը ամբողջական իրականացնելու համար կայ համապատասխան թէ՛ ֆինանսական, եւ թէ մարդկային ներուժը: