ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- «Սուրիա փրկեց Ապպաս-«Համաս» ժողովը» վերնագրով միջազգային լրատու գործակալութիւնները հաղորդեցին, որ Դամասկոսի միջնորդութիւնը վերջին վայրկեանին փրկած է Կիրակի, Յունուար 21ի միջպաղեստինեան բանակցութիւնները:
Արդարեւ, մետասաներորդ պահուն ջնջուած էր Շաբաթ օր Դամասկոսի մէջ նախատեսուած այն ժողովը, որուն ընթացքին պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս եւ «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Խալէտ Մեշաալ պիտի փորձէին հարթել պաղեստինեան ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան խոչընդոտները:
«Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի փոխնախագահ Մուսա ապու Մարզուք յայտնեց, որ «Սուրիոյ աշխոյժ եւ լուրջ միջնորդութեան շնորհիւ» Ապպաս եւ Մեշաալ որոշեցին հանդիպում ունենալ Կիրակի գիշեր:
Սուրիոյ փոխնախագահ Ֆարուք էլ Շարաա ժողովներ գումարած էր Ապպասի եւ Մեշաալի հետ Շաբաթ օրուան ժողովին ջնջումին յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, համաձայնութիւն մը գոյացնելով:
Հանդիպումէն ետք, երկու կողմերը յայտնեցին, թէ որոշ յառաջդիմութիւն մը արձանագրուած է, սակայն տարակարծութիւններ կը մնան, որոնց համար երկու շաբաթ ետք այլ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ:
Նկարին մէջ, Մեշաալ եւ Ապպաս Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: