ՊԷՅԺԻՆԿ, «Ռոյթըրզ».- Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները շարունակուեցան Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20ին, մասնակցութեամբ Հարաւային Քորէայի, Ճափոնի, Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւններուն:
Հիւսիսային Քորէայի եւ Միացեալ Նահանգներու աւագ բանագնացները նաեւ յաջորդական երկրորդ օրը ըլլալով գումարեցին անջատ եւ դռնփակ նիստ մը՝ քննելու համար Ուաշինկթընի որդեգրած պատժամիջոցները մեղմացնելու կարելիութիւնները:
Ամերիկացի բանագնաց Քրիսթոֆըր Հիլ յայտարարեց, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին Հինգշաբթի օր (այսօր) եւ որոշ յառաջդիմութեան մը մասին արտայայտուեցաւ, առանց մանրամասնելու:
Հիլ մերժեց բանակցութիւններու ժամանակացոյց յայտարարել եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն կարելի պիտի ըլլայ յաւելեալ յառաջդիմութիւն արձանագրել:
«Ապահիւլէականացումէն նուազ բան չենք կրնար ընդունիլ», ըսաւ Հիլ:
Նկարին մէջ, Հիլ կը պատասխանէ լրագրողներու հարցումներուն: