ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի պաշտօնական աղբիւրները եւ լրատուուամիջոցները հերթական ապատեղեկատուութիւնը տարածած են՝ յայտնելով, որ Ֆիզուլիի ուղղութեամբ Յունուար 17ին հայկական կողմէ արձակուած փամփուշտէն մահացած է Ատրպէյճանի բանակի ենթասպայ Շային Ալիեւը:
Այս առնչութեամբ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի մամլոյ քարտուղար Սենոր Հասրաթեան յայտնեց, որ ԼՂ կողմէ մշտապէս կը յարգուի զինադուլը, «իսկ ատրպէյճանցիները զինծառայողի մահուան պատճառները պէտք է փնտռեն իրենց բանակի ներսում»:
«Նման յայտարարութիւններ տարածելով՝ Ատրպէյճանի պաշտպանական գերատեսչութիւնը փորձում է արդարացնել իր անճարակութիւնն ու կոծկել բանակում տիրող իրավիճակը», ըսաւ Ս. Հասրաթեան: