ԱՆԳԱՐԱ, «Իրնա».- Թրքական «Զաման» օրաթերթին կողմէ կատարուած հարցախոյզ մը հասած է այն եզրակացութեան, որ թուրքերը եւրոպական երկիրներէ ու Միացեալ Նահանգներէն աւելի մօտիկ կը զգան Իրանի:
Արդարեւ, թուրքերուն 29 տոկոսը յայտնած է, թէ բարեկամ երկիր մը կը նկատեն Իրանը, մինչ այդ համեմատութիւնը յաջորդաբար 3.6, 2.8, 3.2, 4.2, 8.7 տոկոս եղած է Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Յունաստանի եւ Ռուսիոյ պարագային:
Յատկանշական է, որ Գերմանիոյ ի նպաստ արտայայտուողները 17.7 տոկոս եղած են, իսկ իսլամ Փաքիստանի ու Ատրպէյճանի պարագային այդ համեմատութիւնները բարձրացած են 47.3 ու 71.4 տոկոսի: Նաեւ, մինչ թուրքերուն 78.5 տոկոսը համոզուած է, որ Միացեալ Նահանգները կարելի չէ Թուրքիոյ բարեկամ երկիր մը նկատել, Իրանի հանդէպ այդ զգացումը ունեցող թուրքերուն համեմատութիւնը 43.1 տոկոս եղած է:
Վերջերս կատարուած այլ հարցախոյզեր եւս հասած են այն եզրակացութեան, որ թուրքերը դէմ են Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու վարած քաղաքականութեան եւ աւելի տրամաբանական կը նկատեն Թեհրանի որդեգրած քաղաքականութիւնը: