ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական պատուիրակութեան անդամները՝ փաստաբան Նազելի Վարդանեանը եւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը, Փետրուար 19ին կամ 20ին, պիտի մեկնին Պուտափեշթ՝ մասնակցելու ՆԱԹՕի դասընթացքներուն մասնակցող հայ սպայ Գուգէն Մարգարեանի սպանութեան համար ցկեանս դատապարտուած Ռամիլ Սաֆարովի վերաքննիչ բողոքի առաջին դատական նիստին:
Բողոքը պիտի քննէ դատաւոր Պիրոշկա Կարպատին: Ըստ Հ. Դեմոյեանի, դատավարութեան իր մասնակցությամբ Հայաստանի պատուիրակութիւնը պէտք է թէ՛ ատրպեճանական, եւ թէ հունգարական կողմին ցույց տայ, որ հետամուտ է, որպէսզի ոճրագործը հունգարական արդարադատութիւնով ստանայ առաւելագոյն պատիժը: Ան աւելցուց, որ անակնկալները անհաւանական չեն, բայց ատրպեճանական կողմի հնարաւորութիւնները քիչ են վճիռի փոփոխման հարցով եւ Հունգարիոյ մէջ նախընթաց չկայ, երբ ցկեանս դատապարտումի պարագային ոճրագործը յանձնուի իր երկիրին:
Յիշեցնենք, որ Հունգարիոյ մէջ 2004ի Փետրուար 19ին ՆԱԹՕի դասընթացքներուն մասնակցող ատրպէյճանցի զինուորական Ռ. Սաֆարով դաժանօրէն սպաննած էր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը: 2006ի Ապրիլ 13ին, հունգարական դատարանը վճռած էր ոճրագործը ցմահ դատապարտել, որուն 30 տարին առանց ներումի իրաւունքի: