ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մշտական բնակչութեան թիւը 2006ի վերջին կազմած է 3 միլիոն 222.7 հազար: Ըստ ազգային վիճակագրական ծառայութեան պետ Ստեփան Մնացականեանի, տարեսկիզբի տուեալներու համեմատ բնակչութեան թիւը աճած է 3.5 հազարով:
Անցած տարուան ընթացքին արձանագրուած է ծնելիութեան բացարձակ թուաքանակի աճ. արձանագրուած է 37,568 ծնունդ՝ 2005ի 37,499ի դիմաց: Ծնելիութեան տոկոսը 1000 բնակիչի հաշուով պահպանուած է նոյն մակարդակի վրայ՝ կազմելով 11.7: Մահերու համեմատութիւնը աճած է 0.2 կէտով եւ կազմած է 8.4: 2006ին արձանագրուած են 27,149 մահուան պարագաներ՝ 2005ի 26,379ի դիմաց:
Կեանքի առաջին տարուան ընթացքին մանկական մահացութեան դէպքերը կազմած են 520, որ 2005ի համապատասխան ցուցանիշի համեմատ աւելի է 60ով:
2005ին կատարուած ուսումնասիրութիւններու համաձայն, Հայաստանի մէջ տղամարդոց կեանքի միջին տեւողութիւնը 70.3 տարի է, իսկ կիներունը՝ 76.1: