ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նոյեան Տապան».- ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեանի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Գասփրչիքի Յունուար 20ի հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու՝ մօտ ապագային տարածաշրջան նախատեսուող այցին:
ԼՂՀ Նախագահի մամլոյ քարտուղարը հաղորդեց, թէ զրոյցի ընթացքին արծարծուած են նաեւ Ղարաբաղ-ատրպեճանական սահմանի ընդհանուր վիճակին առնչուող շարք մը հարցեր: