ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Առողջապահութեան նախարարութեան Երեւանի մայրանոցին մէջ, Յունուար 19ին, քառեակ մը ծնած է՝ երեք տղայ եւ մէկ աղջիկ: Անոնք Երեւանի բնակիչներ են:
Ըստ դայեակ Նազիկ Դաւթեանի, մայրը՝ Մխիթարեան Մելինէն եւ եօթը ամսու ծնած չորս նորածինները առողջական բաւարար վիճակ ունին: