Կիրակի, Յունուար 21 2007ի երեկոյեան ժամը 6ին, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահը կը յորդէր աւելի քան 800 հայորդիներով, որոնք եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Պոլսոյ մէջ թուրք պետութեան դաւադիր ձեռքով սպաննուած խմբագիր Հրանդ Տինքին ու միահամուռ կերպով դատապարտելու անարգ ոճիրը: Հաւաքը կազմակերպուած էր հայկական երեք կուսակցութիւններու՝ Հ.Յ.Դ., ՌԱԿ եւ Ս.Դ.Հ.Կ., Հայաստանեայց եկեղեցւոյ երկու թեմերու, Հայ կաթողիկէ ու Աւետարանական եկեղեցիներու, Պոլսահայ, Իրանահայ եւ Իրաքահայ միութիւններու նախաձեռնութեամբ:
Հաւաքը վարեց Կլէնտէյլ քաղաքի գրագիր Արտաշէս Քասախեան: Բացման իր հակիրճ խօսքին մէջ ան ներկայացուց Հրանդ Տինքը, որուն «ամենամեծ յանցանքը» եղաւ ճշմարտութիւն խօսիլը եւ մարդկային բարձրագոյն արժէքներուն նկատմամբ հաւատք ունենալը: Ա. Քասախեան տուաւ ոճիրին դիպուկ բնորոշումը՝ եզրակացնելով, որ Թուրքիոյ յատուկ եւ ծանօթ ձեռագիրով կատարուած այս սպանութիւնը ազդարարութիւն է այն բոլոր մարդոց, որոնք կը պայքարին յանուն արդարութեան: Բայց ոճրագործ Թուրքիա պիտի չկարենայ սպաննել աշխարհի միլիոնաւոր Հրանդ Տինքերը, եւ այսօր մեր պարտքն է միշտ յիշել Տինքը: Ապա ան բեմ հրաւիրեց Պոլսահայ միութեան ներկայացուցիչ Սիմոն Աճըիլաճօղլուն, որ մօտէն ծանօթ ըլլալով Հրանդ Տինքին, նախ նրկայացուց անոր կենսագրականը: Տինք ծնած է Մալաթիա, կանուխէն ընտանեօք հաստատուած է Պոլիս, ուր իր հայեցի կրթութիւնը ստացած է նախ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ նախակրթարանէն, ապա «Պէզճեան» վարժարանէն, որմէ ետք աւարտած է Ս. Խաչ եկեղեցւոյ դպրեվանքը: Բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Պոլսոյ պետական համալսարանի կենսաբանութեան բաժնին մէջ, որմէ յետոյ աւարտած է նաեւ նոյն համալսարանի գրական-փիլիսոփայական ճիւղը: 1996ին Տինք հիմնած է «Ակօս» երկլեզու շաբաթաթերթը, որու էջերուն ընդմէջէն եւ առանձին դասախօսութիւններով Թուրքիոյ մէջ հնչեցուցած է ճշմարտութեան ձայնը՝ ենթարկուելով հետապնդումի եւ դատական պատասխանատուութեան:
Բանախօսը վեր հանեց յանձնառու գաղափարական մարդու՝ Հրանդ Տինքի ազգային նկարագիրը, անոր կորուստը նկատելով ոչ միայ պոլսահայութեան կորուստ, այլեւ համայն հայութեան:
Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան կողմէ ելոյթ ունեցաւ տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան, որ նախ Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Տինքի ընտանիքին եւ համայն հայութեան: Ան շեշտեց, որ այս ոճիրին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ թուրք պետութեան վրայ, ընդգծելով սակայն, որ փամփուշտով չեն կրնար արդարութիւնը սպաննել: Մարդասպաններուն նպատակը համամարդկային վեհ գաղափարներ եւ սկզբունքներ դաւանող Հրանդ Տինքը սպաննելը չէր միայն, այլ ահ ու սրասափ ստեղծել բոլոր ազատամիտ եւ յանուն պատմական արդարութեան պայքարող մարդոց մօտ: Բանախօսը իր դիպուկ եւ սեղմ խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց նոյնինքն թուրք պետութեան, Եւրոպական միութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան՝ վերջ տալ իրենց խտրական քաղաքականութեան, ի վերջոյ հասու ըլլալ արդարութեան ձայնին եւ իրերն ու դէպքերը կոչել իրենց անուններով:
Հաւաքը շարունակուեցաւ հայկական դուդուկի սրտայոյզ նուագակցութեամբ, կատարողութեամբ Winds of Passion-ի:
Բեմ հրաւիրուեցաւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Փօլ Գրիգորեան, որ իր անգլերէն ելոյթով սեղմ տողերու մէջ տուաւ ոճիրին իսկական բնութագրումը, յատկապէս ըսելով. «Մենք գիտենք ով է իսկական ոճրագործը: Թուրքիոյ ձեռքերը արիւնոտ են Տինքի արիւնով: Ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ այս շաբաթ: Տինքի ձայնը ճշմարտութեան գեղեցիկ ձայնն էր, որ Թուրքիա փորձեց լռեցնել: Բայ արդեօ՞ք Թուրքիա պիտի կարենայ լռեցնել Տէր Զօրէն, արիւնով լեցուցած գետերէն եկող սրտակեղեք ձայները, հայկական եկեղեցիներու մէջ հրոյ ճարակ դարձած միլիոնաւոր անմեղ նահատակներու ձայները եւ մեր ձայները: Տինքի սկսած պայքարը պիտի շարունակուի եւ մե՛նք պիտի ըլլանք այդ պայքարը շարունակողները»:
Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կողմէ ելոյթ ունեցաւ Կարօ Այալթուն: Բանախօսը արժեւորեց Հ. Տինքը իբրեւ ազատութեան եւ ճշմարտութեան ձայն, «հզօր կաղնի մը, որ ջլատուեցաւ ոչինչ արժող երեք փամփուշտով»: Կարօ Այալթուն ի մասնաւորի ըսաւ. «Այս գարշելի արարքը կարելի չէ իբրեւ առանձնացուած դէպք նկատել: Պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ անոնց վրայ, որոնք կը շարունակեն ըլլալ զէնքին կապար լիցքաւորողները»: Ան դատապարտեց թուրք կառավարութիւնը իր վարած անհանդուրժողական քաղաքականութեան համար, ընդգծելով յատկապէս Ամերիկայի մեղսակցութիւնը Թուրքիոյ կատարած ոճիրներուն եւ վարած քաղաքականութեան մէջ: «Տինք աղաղակն էր ամբողջ ազատասէր եւ արդարամիտ մարդկութեան, լոյսի գերան մըն էր, որ կարելի չէ խաւարել, եւ իր անմահութիւնը կը կայանայ մեր ժողովուրդի ծրագրուած, համադրուած աշխատանքին մէջ եւ մեր ուխտը պիտի ըլլայ շարունակել Տինքի սկսած պայքարը», եզրակացուց բանախօսը:
Կլէնտէյլ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Րաֆֆի Մանուկեան դիտել տուաւ, որ երբեք բիրտ ուժը չէ կրցած լռեցնել արդարութեան ձայնը: Ր. Մանուկեան յայտարարեց, որ Կլէնտէյլի քաղաքապետարանին մէջ յառաջիկայ Երեքշաբթի պիտի յարգուի նահատակ Տինքի յիշատակը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ ելոյթ ունեցաւ շրջանիս Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Նազօ Աբանեան: Ան յատկապէս ընդգծեց, որ մարդիկ Ցեղասպանութիւնը չեն սորվիր, այլ կ’ապրին ամէն օր, եւ այս սրահին մէջ հաւաքուածներս Ցեղասպանութեան զոհեր ենք եւ անոր հետեւանքները կ’ապրինք ամէն վայրկեան: Ն. Աբանեան ըսաւ, որ պահանջատէր հայութիւնը այսօր հաւաքուած է յարգելու յիշատակը անձնուրաց նուիրեալի մը եւ իր բողոքի ձայնը բարձրացնելու ոճրագործ թուրք պետութեան դէմ: Ինչպէս ընդունուած է ըսել՝ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Այսօր մենք ականատեսն ենք այս իմաստուն ասոյթին. Թուրքիա կը շարունակէ իր ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, եւ դժբախտաբար Հրանդ Տինք եկաւ լրացնելու միլիոնաւոր նահատակներու շարքերը: «Երկու հիմնական պատճառներ մեզ այսօր ի մի բերած են այս սրահին մէջ: Հաւաքուած ենք յարգելու յիշատակը անձնուրաց նուիրեալի մը եւ դատապարտելու այս անարգ ոճիրին՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան հեղինակ թրքական պետութիւնը եւ անոր անմարդկային ու ցեղասպան քաղաքականութիւնը»: Իր մահով, շարունակեց ան, Հր. Տինք մարտահրաւէր կը կարդայ ոճրագործ թուրքին եւ մեզ կը պատգամէ չբաւարարուիլ պարագայական հաւաքներով, այլ պայքարիլ ամէն օր: Ան եզրափակեց ըսելով, որ թրքական կառավարութիւնը, մտաւորականներն ու ժողովուրդը այսօր պարտաւոր են փարատելու այն մթնոլորտը, որ կը սնուցանէ Հրանդ Տինքը սպաննողները, «անոնք պարտաւոր են ընդունիլ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, հատուցել հայ ժողովուրդին եւ մշակել բնականոն յարաբերութիւններ երկու ժողովուրդներուն եւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ»:
Հանդիսավար Արտաշէս Քասախեան կարդաց Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաքի ցաւակցական խօսքը՝ ուղղուած Հր. Տինքի ընտանիքին (տեսնել առանձին): Ա. Քասախեան յոյս յայտնեց, որ ժողովրդավարութեան ջատագով Ամերիկայի նախագահը նոյնպէս իր ձայնը միացնէ Շիրաքի ձայնին:
Սգոյ հաւաքը աւարտեցաւ անցեալ տարի Հրանդ Տինքի Քալիֆորնիա կատարած այցելութեան տեսաժապաւէնի ցուցադրութեամբ: Պաստառէն կը խօսէր Հրանդ Տինք, մարդու եւ մարդկայինի մասին մեծ հաւատք ունեցող հայորդի մը, որ տակաւին իր մահէն վայրկեաններ առաջ «Ակօս»ին մէջ ստորագրած յօդուածին մէջ ինքզինք կը նմանցնէր վիրաւոր աղաւնիի մը, բայց հաւատալով, որ իր ապրած երկրին մէջ մարդիկ չեն դպնար վիրաւոր աղաւնիներուն:
Ապա, ներկայ հոգեւորականներու կողմէ կատարուեցաւ աղօթք: