ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Հակառակ Սպիտակ տան ընդդիմութեան, Դամասկոս այցելած Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի երկու դեմոկրատ անդամներ՝ նախագահական նախկին թեկնածու Ճան Քերի եւ Քրիսթոֆըր Տատ, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20ին հանդիպում մը ունեցան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, քննելով Սուրիա-Ամերիկա յարաբերութեանց առնչուող շարք մը հարցեր:
Ծերակուտականները, որոնք անդամ են Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին, շեշտեցին, թէ Սուրիա կարեւոր դերակատարութիւն պէտք է ունենայ Իրաքի մէջ կացութիւնը կայունացնելու աշխատանքներուն մէջ, սակայն Ուաշինկթըն կը մերժէ այս հարցով Սուրիոյ հետ բանակցիլ:
Քերի Ասատի հետ հանդիպելէն ետք շեշտեց, թէ իր խորհրդակցութիւնները աւելի եւս համոզած են զինք, թէ Ուաշինկթըն պէտք է Սուրիոյ հետ ուղղակի բանակցի Իրաքի հարցով:
Նախապէս Պէյրութ այցելած ծերակուտականները Ասատի հետ քննեցին նաեւ Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ Իսրայէլ-պաղեստինեան տագնապին լուծում մը գտնելու կարելիութիւնները:
Ծերակուտականները խորհրդակցութիւնները ունեցան նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոաալէմի հետ եւ այցելեցին Դամասկոսի գոց շուկան:
Հակառակ ծերակուտականներուն այս կոչին, Սպիտակ տունը դարձեալ քննադատեց Սուրիոյ նախագահին հետ խորհրդակցելու ծերակուտականներուն քայլը եւ շեշտեց, թէ Սուրիա նախ պէտք է իր դրացի պետութեանց հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնէ եւ ապա միջնորդական առաքելութեանց դիմէ:
Նկարին մէջ, Սուրիոյ նախագահը (ձախին) կը խորհրդակցի ծերակուտականներ Քերիի (աջին) եւ Տատի (ձախէն երկրորդը) հետ: