ԼԱՆՔԱՍԹԸՐ, Փենսիլվանիա.- Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդեց, թէ Փենսիլվանիոյ քոնկրէսականներէն Ճոզէֆ Փիթս (Հ.) վերջերս յայտարարած է, թէ կը միանայ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը հովանաւորող իր պաշտօնակիցներուն, այս ձեւով բանաձեւին զօրակցող ներկայացուցիչներու թիւը բարձրացնելով 199ի:
Ճոզէֆ Փիթսի զօրակցութիւնը կարելի եղաւ ապահովել շնորհիւ շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի թափած ճիգերուն, երբ կարելի եղաւ քոնկրէսականին ընտրաշրջանի ամերիկահայերը գործի լծել:
Այս ծիրէն ներս, վերջերս քոնկրէսականին գրասենեակէն ներս հանդիպում մը կայացաւ Փիթսի եւ շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործիչներ Ճորճ Սեմերճեանի, Սիրան եւ Կրէկ Միզիի, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի պատասխանատու Կարինէ Պիրազեանի մասնակցութեամբ: Այս հանդիպման ընթացքին, քոնկրէսական Փիթսի տրամադրուեցան պատմական վաւերագիրներ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին:
Ցարդ, Փենսիլվանիա նահանգէն 19 քոնկրէսականներ կը զօրակցին Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին: