ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ, Յունիս 21ին Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն մէջ արհեստավարժ եւ սիրողական մակարդակի երաժիշտ-կատարողներու, ինչպէս նաեւ զանազան նուագախումբերու մասնակցութեամբ պիտի կազմակերպուի համերգ:
Այս մասին Յունիս 12ի ասուլիսի ընթացքին յայտնեց դեսպանատան մշակութային կցորդ Ժիւլի Սորէն եւ նշեց, որ երեկոյեան ժամը 18ին երաժշտութեան տօնը բացօթեայ համերգաշարով պիտի սկսի Ազատութեան հրապարակէն, ուր «Սերենատ» նուագախումբը պիտի ներկայացնէ հայ եւ օտար երաժշտահաններու յայտնի ստեղծագործութիւնները:
Երեւանցիները այդ օրը մինչեւ կէսգիշեր, Աբովեան փողոցի, Շարլ Ազնաւուրի հրապարակի, Մոսկովեան պուրակի, Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի հարեւանութեամբ գտնուող զբօսայգիին մէջ կրնան ունկնդրել զանազան ոճերու երաժշտութիւն՝ դասական, ժամանակակից, փոփ, ռոք եւ այլն: «Մեր նպատակն է այս տօնակատարութիւնը դարձնել ամէնամեայ եւ այն անցկացնել մայրաքաղաքի բոլոր համայնքներում, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան միւս մարզերում», ընդգծեց Ժ. Սորէն:
Նշենք, որ Ֆրանսայի մէջ ծնունդ առած երաժշտական այս տօնակատարութիւնը ամէն տարի կը կազմակերպուի աշխարհի 100 երկիրներու շուրջ 340 քաղաքներու մէջ: