ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Բրիտանացի ընդդիմադիր երեսփոխան Ճորճ Կէլըուէյ Լիբանանի «մեծ ուժերը» ամբաստանեց երկիրը Սուրիոյ դէմ «իբրեւ դանակ» օգտագործելու յանցանքով:
Երեսփոխանը ըսաւ, որ «Ֆաթհ իսլամ»ի նման ծայրայեղական շարժումներ եւ խմբաւորումներ ուղղակիօրէն կը վայելեն այդ ուժերուն աջակցութիւնը։
Ան ընդգծեց, որ Լիբանանը կ՚օգտագործուի իբրեւ թատերաբեմ՝ արաբական աշխարհին մէջ քաղաքական եւ յարանուանական յաւելեալ բաժանումը յառաջացնելու նպատակով։
Կէլըուէյ շեշտեց, որ տիւրզի ղեկավար երեսփոխան Ուալիտ Ճոմպլաթ մտակորոյս եղած է։
Ան նաեւ ըսաւ, որ Ճոմպլաթի կատարած ամբաստանութիւնները, թէ «Ֆաթհ իսլամ»ը սուրիական ծնունդ ունի, անհիմն են։
Կէլըուէյ ընդգծեց. «Մենք լաւ գիտենք «Ֆաթհ իսլամ»ը ստեղծող կողմերը, որոնք համայնքային պատճառներով ձեռնարկած են այդ քայլին, սակայն աւելի ուշ բացայայտուած էր իրենց տոքթ. Ֆրանքնշթայնի հռչակաւոր դասը, որուն հիման վրայ փաստուած էր, թէ գազան մը ստեղծելը կարելի է, սակայն զայն հակակշռելը՝ անկարելի»։