ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Այս տարի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու ընդունելութեան քննութիւններու երկրորդ փուլը՝ կեդրոնացուած, պիտի սկսի Յուլիս 20ին: Այս մասին Յունիս 14ի ասուլիսի ընթացքին յայտնեց կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Արա Աւետիսեան եւ նշեց, որ դիմումնագրերը պիտի ընդունուին Յունիս 15էն Յուլիս 15 (ներառեալ): Ան յայտնեց նաեւ, որ այս տարի ընդունելութեան քննութիւնները աւելի շուտ պիտի աւարտին, քան նախորդ տարիներուն:
Փոխնախարարը նշեց նաեւ, որ արդէն հրապարակուած է «Դիմորդ 2007» ուղեցոյցը, ուր ներառուած են բոլոր կանոնակարգող փաստաթուղթերը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան որոշումները: Փոխնախարարը տեղեկացուց, որ ընդունելութեան քննութիւններու համակարգին մէջ ծրագրային՝ քննական նիւթերու եւ գնահատման չափանիշներու որեւէ փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած:
Նշուեցաւ նաեւ, որ պետական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու 2007-2008 ուսումնական տարուան համար պետութեան կողմէ ուսանողական նպաստներու ձեւով 4132 լրիւ կրթաթոշակներ պիտի տրամադրուին, իսկ բուհերու կողմէ մասնակի զեղչով կրթաթոշակի իրաւունքով 5881 ուսուցման ընդունելութեան տեղեր՝ ըստ ուսումնական հաստատութիւններու եւ մասնագիտութիւններու: