ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ»- Իրաքի տարածքին շարունակուող բռնարարքներուն թափը սաստկացաւ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 23ին, ուր իսլամական «Ֆըթր» տօնին առիթով խճողուած շուկաներու վրայ հրթիռային եւ զինեալ յարձակումները առնուազն 44 զոհ խլեցին:
Նոյն օրը, ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ ութ ամերիկացի զինուորներ եւս սպաննուած են Իրաքի տարածքին, այս ամսուան ընթացքին սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը 86ի հասցնելով:
Յայտնենք, թէ Կիրակի օր Իրաքի ոստիկանութեան 15 նորագիրներ սպաննուեցան Պաքուպայի մօտ տեղի ունեցած պայթումի մը եւ անոր յաջորդած զինեալ բախումներուն ընթացքին: 25 այլ նորագիրներ վիրաւորուեցան եւ քանի մը ուրիշներ առեւանգուեցան: