ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007ի Յունուար-Մայիս ամիսներուն միջին ամսական աշխատավարձը կազմած է 70,693 դրամ: Այս մասին յայտնեցին ազգային վիճակագրական ծառայութեան աղբիւրները եւ նշեցին, որ միջին աշխատավարձի աւելի բարձր ցուցանիշներ արձանագրուած է ելեւմտական գուրծունէութեան (209,581 դրամ) եւ հանքագործական արդիւնաբերութեան (150,499 դրամ) ոլորտներուն մէջ:
Մարզերուն մէջ միջին ամսական աշխատավարձը այս տարուան Մայիս ամսուան տուեալներով կազմած է 73,75 դրամ: Միւս մարզերուն նկատմամբ բարձր ցուցանիշով առաւելութիւն ունի Սիւնիքի մարզը, ուր միջին աշխատավարձը 91,706 դրամ է:
2007ի Մայիսին միջին ամսական անուանական աշխատավարձը սահմանուած նուազագոյն աշխատավարձը գերազանցած է 3.7 անգամ՝ 2006ի 4.2 անգամի համեմատ: