ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը Օգոստոս 9ի նիստին որոշեց 300 միլիոն դրամ յատկացնել քաղաքաշինութեան նախարարութեան՝ մարզերէն ներկայացուած ամենահրատապ խնդիրներու նախահաշուային աշխատանքներուն համար:
Վարչապետի յանձնարարականով, մարզպետարանները ներկայացուցած են իրենց մարզերու ամենաարդիական խնդիրներու վերաբերեալ առաջարկ՝ 9.3 միլիառ դրամ ընդհանուր գումարով:
Ըստ ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան փոխնախարար Պաւէլ Սաֆարեանի, անոնց մէջ կը գերակշռեն տանիքներու վերանորոգման, կազի խողովակաշարերու, ըմպելի ջուրի ցանցերու, դպրոցներու վերանորոգման աշխատանքներուն աջակցելու առաջարկներ: Նախահաշուային աշխատանքները պիտի աւարտին ամենաուշը մէկ ամսուան ընթացքին, որոնց հիման վրայ պիտի սկսին շինարարական աշխատանքները, որոնք պիտի աւարտին մինչեւ տարեվերջ: