ԺԸՆԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութեանց արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ Զուիցերիոյ ժողովրդային աջակողմեան կուսակցութիւնը, հակառակ ընտրապայքարին ընթացքին ցեղապաշտութեան վերաբերեալ իր դէմ ուղղուած ամբաստանութեանց, յաջողած է ապահովել քուէներուն մեծամասնութիւնը։
Զուիցերիոյ ժողովրդային կուսակցութիւնը, որ արդէն իսկ երկրին մեծագոյն կուսակցութիւնն է, ապահոված է քուէներուն 29 առ հարիւրը՝ խորհրդարանին մէջ ապահովելով յաւելեալ եօթը աթոռ։ Կուսակցութիւնը նոր խորհրդարանին մէջ 62 աթոռ պիտի ունենայ:
Ընտրութեանց մեծագոյն պարտեալը Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութիւնն էր, որ ինը աթոռ կորսնցուց, նախորդ ընտրութեանց համեմատութեամբ 4 առ հարիւր նուազ քուէներ ստանալով: Զուիցերիոյ երկրորդ մեծագոյն կուսակցութիւնը 200 անդամ հաշուող խորհրդարանին մէջ պիտի ունենայ 43 աթոռ։
Կանաչները վեց յաւելեալ աթոռ ապահովելով, իրենց ներկայացուցչութիւնը բարձրացուցած են 20ի, իսկ 46 անդամ հաշուող Ծերակոյտին մէջ ապահովեցին իրենց առաջին աթոռը, ինչ որ զուիցերիացի քուէարկողներուն մօտ կենսոլորտի նկատմամբ հետզհետէ աճող մտահոգութեան արտացոլացումն է։ Քրիստոնեայ ժողովրդավարականները իրենց կարգին բարելաւեցին իրենց դիրքը՝ ապահովելով յաւելեալ երեք աթոռ, իսկ արմատականները հինգ աթոռ կորսնցուցին։
Նկատի ունենալով, որ Զուիցերիոյ ժողովրդային կուսակցութիւնը չէ ապահոված բացարձակ մեծամասնութիւն, ան պիտի ստիպուի այլ կուսակցութեանց հետ համախոհական կառավարութիւն կազմել։ Այդ կուսակցութեան ընտրարշաւը անհանգստացուց գաղթականներէ կազմուած երկրին մեծաթիւ համայնքը։ Կուսակցութիւնը նաեւ կ՚ուզէ Զուիցերիան Եւրոպական միութենէն դուրս պահել։
Յատկանշական է նաեւ, որ ընտրութեանց ընթացիքն առաջին անգամ ըլլալով սեւամորթ մը խորհրդարանի անդամ ընտրուեցաւ: Ան 25 տարի առաջ Անկոլայէն գաղթած քաղաքացի մըն էր:
Ընդդիմադիրները այն մտավախութիւնը ունին, թէ զուիցերիական ընկերութեան մէջ հետզհետէ աճ արձանագրող բաժանումները կրնան վնասել Զուիցերիոյ վարկին: