ՍԱՆ ՏԻԷԿՕ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23ին շարունակուող հարաւային Քալիֆորնիոյ հրդեհները առնուազն 1200 բնակարաններ եւ այլ կառոյցներ հրկիզած են, մինչ հազարաւոր հրշէջներ կը փորձեն զանոնք զսպել, պայքարելով բնականէն առնուազն 10 աստիճան աւելի տաք պայմաններու եւ սաստիկ հովերուն դէմ:
Տարբեր աղբիւրներու համաձայն, հրդեհները 300,000էն կէս միլիոն հոգի տեղահան ըրած են, այրելով մօտաւորապէս 400 քառակուսի մղոն տարածք:
Նկարին մէջ, հրշէջ մը Ռանինկ Սփրինկզի մէջ: