ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Քոչարեան Հոկտեմբեր 20ին ստորագրեց արժեթուղթերու շուկայի մասին օրէնքը, նաեւ՝ վարկային կազմակերպութիւններու, սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւններու, դրամատուներու, վարկային կազմակերպութիւններու եւ ապահովագրական ընկերութիւններու սնանկութեան, դրամատուներու եւ դրամատնային գործունէութեան, բաժնետիրական ընկերութիւններու, սնանկութեան, Կեդրոնական դրամատան, շահութահարկի, պետական տուրքի, արտօնագրման, հաշուապահական հաշուառման, իրաւաբանական անձերու պետական արձանագրման, բարձրագոյն եւ մասնագիտական կրթութեան, կրթութեան մասին օրէնքներուն մէջ եւ քաղաքացիական դատավարութեան օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքները: