Անցնող շաբաթ, The Armenian Weekly շաբաթաթերթի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան հարցազրոյց մը ունեցաւ հանրածանօթ System of a Down ռոք խումբի ղեկավար Սերժ Թանգեանի հետ։
ԱՄՆ Քոնկրէսէն ներս քննարկուող Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին կապակցութեամբ Սերժ Թանգեան կ՚ըսէ. «Ես դեռ քիչ առաջ Պոսթընի ռատիոկայաններէն մէկուն վրայ ըսի՝ կարելի չէ ցեղասպանութիւն մը կամ ողջակիզում մը ուրանալ քաղաքական անպատշաճութեան հիմնաւորումով։ Եթէ մենք որպէս Ամերիկա, ժողովրդավար կը ներկայանանք, ուրեմն պէտք է հայելիի նայիլ եւ հարց տալ. Կարելի՞ է ստել ցեղասպանութեան հարցով, կամ արգիլել անոր ճանաչումը, պարզապէս աշխարհաքաղաքական կամ ռազմավարական շահերու սիրոյն, կամ զինուորական բռնագրաւումի մը պատճառով որ ինքնին անարդար է։ Սխալ մը ուրիշ սխալով սրբագրել է ասիկա. անտրամաբանական է, անոր համար բազմաթիւ քոնկրէսականներ անոր ետին կանգնած են, յանձնաժողովին կողմէ ընդունուեցաւ եւ ես համոզուած եմ, որ բանաձեւը կ՚ընդունուի նաեւ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ։
«Ես կը զգամ, որ միշտ պատճառաբանութիւն մը պիտի ըլլայ։ 92 տարի սպասեցինք։ Կ՚ուզեմ աւելի առաջ երթալ։ Ճանաչումը այնքան կարեւոր չէ։ Ճանաչումը արդար լուծումի մը մէկ մասն է։ Եթէ մէկը իմ տունս մտաւ, ընտանիքս սպաննեց եւ գողութիւն ըրաւ, ես անոր ետեւէն հարիւր տարի պիտի չվազեմ ու իրեն խնդրեմ, որ ոճիրը ընդունի։ Ես զիրենք դատարան պիտի տանիմ, բարձրաձայն արդարութիւն պիտի պահանջեմ։ Բոլորս գիտենք, որ ասիկա առաջին քայլն է, եւ պէտք է նպատակը մեր մտքին մէջ պահենք»:
Պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայսի այն ակնարկութեան, թէ «բանաձեւը պիտի վտանգէ Միջին Արեւելքի մէջ մեր ըրածները» արտայայտութեան ի պատասխան, Սերժ Թանգեան կ՚ըսէ. «Ես կը վախնամ Միջին Արեւելքի մէջ իրենց բոլոր ըրածներէն։ Գուցէ բանաձեւը կ՚օգնէ, որ իրենց տեղը նստին»։