ՍԱՆ ՏԻԷԿՕ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24ին ստորագրեց հսկայ հրդեհներէ տուժած հարաւային Քալիֆորնիոյ եօթը գաւառներուն դաշնակցային օժանդակութիւն տրամադրելու հրաման մը, որու շնորհիւ պետութիւնը պիտի կարենայ նպաստել շրջանը վերականգնելու անհատական, քաղաքային, գաւառային ու նահանգային ծրագիրներուն:
Նոյն օր, «Սանթա Անա» հովերը որոշ չափով մեղմացան եւ կ’ակնկալուի, որ ջերմաստիճանը եւս զգալիօրէն իջնէ յառաջիկայ քանի մը օրերուն, դիւրացնելով առնուազն 16 հրդեհներու դէմ պայքարող հրշէջներուն գործը:
Աւելի քան 700 քառակուսի մղոն այրած հրդեհները մօտաւորապէս մէկ միլիոն հոգի տեղահան ըրած են, ինչ որ մրցանիշ մըն է Քալիֆորնիոյ նահանգին համար: Նաեւ, Սան Տիէկոյի գաւառի պաշտօնատարներ Չորեքշաբթի օր յայտնեցին, թէ միայն այդ գաւառին մէջ բնակարաններու եւ այլ կառոյցներու կրած վնասը մէկ միլիառ տոլարի սահմանը անցած է:
Նկարին մէջ, կամաւոր մը ուտեստեղէն կը բաժնէ տեղահան եղած քաղաքացիներու: