Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Հանրային կապի յանձնախումբի նպատակներէն է ծաւալել ու ընդլայնել համագործակցութեան դաշտը լոսանճելըսահայ միութիւններու ու կազմակերպութիւններու հետ։ Այդ իմաստով, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբերի 17ի երեկոյեան ժամը 8ին, Հոլիվուտի «Գաւառ» ճաշարանին մէջ, յանձնախումբը կազմակերպեց հանդիպում-ընթրիք հայրենակցական միութիւններու հետ։
Ներկայ էին 60 հրաւիրեալներ, որոնց շարքին՝ Վասպուրականի, Չորք Մարզպանի, Մուսա լերան, Տարօն-Տուրուբերանի, Ուրֆայի եւ Պէյլանի հայրենակցական միութիւններու, Նոր Չուղայի բարեկամներ յանձնախումբի, Հայ-ամերիկեան տարեցներու միութեան, Ամերիկահայ մշակոյթի ֆոնտի «Փերիա» մշակութային միութեան, Իրաքահայերու միութեան, Իրաքահայերու օգնութեան հիմնադրամի եւ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան ներկայացուցիչները։
Ձեռնարկին ներկայ էին Կեդրոնական Կոմիտէի հանրային կապի հարցերով պատասխանատու Ժան Գոսագեան, Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Գարեգին Խանճեան, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Վաչէ Բրուտեան, «Հորիզոն» հեռատեսիլի տնօրէն Հէրի Որբերեան, Հ.Ե.Դ. ճամբարի վարչութեան անդամ Արա Մկրտիչեան եւ Հանրային կապի յանձնախումբի անդամները։
Ձեռնարկի բացումը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ Պետիկ Թաշճեան, որ ողջունելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներին, կարեւոր համարեց համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը Հանրային կապի յանձնախումբի ու հայրենակցական միութիւններուն միջեւ։ Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, որոնք հակիրճ ձեւով անդրադարձան իրենց աշխատանքներուն։
Խօսք առաւ Ժան Գոսագեան, որ անդրադառնալով Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի աշխատանքներուն, յայտնեց, որ Կեդրոնական Կոմիտէն որոշած է գաղութային հարցերուն առնչուող աշխատանքները յանձնել Հանրային կապի յանձնախումբին եւ ստեղծեց Հանրային կապի գրասենեակ, որ ունի իր գործավարը։ «Մեր հիմնական նպատակն է հանդիպիլ գաղութի զանազան կազմակերպութիւններուն հետ։ Այս աշխատանքի դաշտի մէկ մասն է գաղութիս հայրենակցական միութիւններու, տարեցներու միութեան, գրողներու միութեան, մամլոյ, հեռատեսիլի ծրագիրներու, լրատուամիջոցներու, արհեստավարժ ու մտաւորական շրջանակներու հետ մեր կապերու ընդլայնումը ու առաւել ամրապնդումը», ըսաւ Ժան Գոսագեան եւ աւելացուց, որ «այդ իմաստով, երեկոյի ընթացքին ներկաները կը ծանօթանան Դաշնակցութեան միաւորներուն, ներառեալ «Ասպարէզ», «Հորիզոն», «Սարդարապատ» գրախանութ եւ Հ.Ե.Դ. ճամբարի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի հետ, որոնք կը խօսին իրենց աշխատանքներուն մասին եւ թէ իրենք ինչպէս կրնան օգտակար հանդիսանալ ձեզի եւ առհասարակ մեր գաղութին»։
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան յիշեալ միաւորներու ներկայացուցիչները, որոնք հակիրճ տեղեկութիւններ յայտնելով իրենց աշխատանքներու վերաբերեալ, խօսեցան այն հնարաւորութիւններուն ու ծառայութիւններուն մասին, որոնք այդ միաւորներու կողմէ կը տրամադրուին գաղութիս հայրենակցական միութիւններուն։ Իսկ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Գարեգին Խանճեան, անդրադառնալով Հայ Դատի Յանձնախումբի աշխատանքներուն, մասնաւորաբար ծանրացաւ այս օրերուն միջազգային քաղաքական ու լրատուական շրջանակների ուշադրութեան կեդրոնը գտնուող թիւ 106 բանաձեւին վրայ, որ կը վերաբերի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Ան հրաւիրեց բոլորը՝ զօրակցելու եւ հաւաքաբար արձագանգելու այն բոլոր ճիգերուն, որոնք կը գործադրուին Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ բանաձեւի ընդունման ուղղութեամբ։
Աւարտին, Հանրային կապի գրասենեակի գործավար Սարօ Նազարեան անդրադարձաւ գրասենեակի գծով իրագործուող աշխատանքներուն եւ մասնաւորաբար ծանրացաւ յանձնախումբի ճիգերով իրականացուած Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կենդրոնական Կոմիտէի նոր կայքէջի (WWW.ARF1890.com) վրայ։ Այնուհետեւ կայքէջը ձեւաւորող եւ յանձնախումբի անդամ Րաֆֆի Յակոբեանի օժանդակութեամբ, սրահի ցուցապաստառի վրայ ուղղակիօրէն ցուցադրուեցաւ կայքէջը իր բոլոր ենթաբաժիններով, ուր իր ուրոյն տեղը ունի 24 ժամեայ համացանցային ձայնասփիւռը, որ կը հաղորդէ լուրեր ու հարցազրոյցներ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի հայութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ՝ հայկական երաժշտութիւն։
Ձեռնարկը փակուեցաւ ժամը 10։30ին։
Յիշեցնենք, որ Հանրային կապի գրասենեակի ի մէյլի հասցէն է PublicRelations.ARF@hotmail.com, իսկ հեռաձայնի թիւերն են (818) 243-7059 եւ (818) 243-1467: