ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Անցեալ Երեքշաբթի երեկոյեան, Կլէնտէյլի հայ համայնքէն բազմաթիւ հայորդիներ հաւաքուած էին քաղաքապետական խորհուրդի դահլիճը՝ աջակցելու համար բանաձեւի մը, որ կը պահանջէր ԱՄՆի Ներկայացուցիչներու տունէն՝ որդեգրել Հայկական Ցեղասպանութեան մասին թիւ 106 բանաձեւը:
Կլէնտէյլի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ խորհրդանշականօրէն առաջադրուած բանաձեւը միաձայնութեամբ հաստատուեցաւ Կլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ:
Ժողովի ընթացքին վերապրողներու ընտանիքներու անդամներ, համայնքային զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ Կլէնտէյլի Հայ Դատի Յանձնախումբ, Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւն եւ համայնքի ներկայացուցիչներ իրենց խորին երախտագիտութիւնը արտայայտեցին քաղաքապետարանին՝ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերող հարցերուն անցեալին անոր ցուցաբերած աջակցութեան համար, նշելով կարեւորութիւնը հայկական ջարդերը իբրեւ ցեղասպանութիւն ընդունելու իրականութեան, եւ պահանջեցին որդեգրել բանաձեւը:
Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Արթին Մանուկեան նշեց, որ «ընդունելով այս բանաձեւը, մենք վստահ ենք, որ ցեղասպանութեան ուրիշ զոհեր չեն տառապիր այն ցասումով, ինչպէս հայերս կը տառապինք Թուրքիոյ անընդհատ ժխտումէն եւ Ամերիկայի լռելեայն աջակցութենէն այս քաղաքականութեան», մինչ համայնքի գործօն անդամներէն Հերպըրթ Միլանոն հաստատեց. «Եթէ մենք սպասենք, երբեք ճիշդ ժամանակը պիտի չգայ: Այսպիսով, այսօր մենք յատուկ հնարաւորութիւն ունինք քաջալերելու մեր Քոնկրէսը՝ յառաջընթաց արձանագրելու, որպէսզի նմանօրինակ վայրագութիւններ երբեք չկրկնուին»:
Նախքան քուէարկելը, խորհուրդի անդամները քանի մը վայրկեանով առանձնացան, բանաձեւին նկատմամբ իրենց կեցուածքը ճշդելու համար:
Քաղաքապետ Արա Նաճարեան պահանջեց Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նէնսի Փելոսիէն բանաձեւը տանիլ Ներկայացուցիչներու տուն՝ վերջնական քուէարկութեան համար: Մինչ այդ, խորհուրդի անդամներէն Ճան Տրէյմըն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները իր հայկական ծագումով քաղաքացիներուն կը մերժէ աջակցութեան եւ արդարութեան այն նոյն զգացումը, որ հրեաները կը զգան իրենց Հոլոքոսթի նկատմամբ:
Քուէարկութենէն ետք Եղեռնէն վերապրող Ղազարոս Քատէմեան յանուն Կլէնտէյլի Հայ Դատի Յանձնախումբին ստանձնեց բանաձեւի յայտարարութիւնը:
«Այս Խորհուրդին կողմէ ճակատագրական եւ կարեւոր քայլ էր իր աջակցութիւնը ցոյց տալ Կլէնտէյլի բնակչութեան կարեւոր մէկ բաղադրիչը հանդիսացող եւ գրեթէ 40 տոկոս ը կազմող իր հայ-ամերիկացի քաղաքացիներուն», հաստատեց Կլէնտէյլի Հայ Դատի Յանձնախումբի վարիչ-տնօրէն Էլէն Ասատրեան: «Մենք խորին երախտագիտութիւն կը յայտնենք քաղաքապետ Նաճարեանին, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն, որոնք ներկայ էին եւ մասնակցեցան այս յատուկ հաւաքին եւ աջակցեցան բանաձեւին», աւելցուց Ասատրեան:
Բանաձեւը պիտի փոխանցուի Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նէնսի Փելոսիին եւ քոնկրէսական Ատըմ Շիֆին: