ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.».- Մինչ թրքական ուժերը Իրաք-Թուրքիա սահմանին վրայ ու երբեմն նոյնիսկ սահմանէն անդին կը շարունակէին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան յեղափոխականներուն դէմ իրենց զինուորական գործողութիւնները, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին յայտարարեց, Միացեալ Նահանգներու ընդդիմութիւնը պիտի չկասեցնէ թրքական բանակին կողմէ հիւսիսային Իրաքէն ներս լայնածաւալ գործողութիւն մը, որովհետեւ նման որոշումները «մենք կու տանք»:
Ռումանիա այցելող Էրտողան նաեւ աւելցուց, թէ Ուաշինկթըն ոչ միայն պէտք չէ դէմ դնէ Թուրքիոյ զինուորական գործողութեանց, այլ, «իբրեւ ռազմավարական դաշնակից», պարտաւոր է օժանդակութիւն տրամադրելու, որովհետեւ Թուրքիա կը շարունակէ զօրակցիլ Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական գործողութեանց:
Թրքական բանակին տուեալներուն համաձայն, Հինգշաբթի օր աւելի քան 30 քիւրտ զինեալներ սպաննուած են:
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճանի Իրաք այցելութեան ընկերացած բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Իրաքի նախագահ Ճալալ Թալապանի Պապաճանի յայտնած է, որ Իրաք «չի բացառեր» Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավարներու Թուրքիոյ յանձնումը, մինչ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի հրահանգած է այդ կուսակցութեան պատկանող բոլոր գրասենեակներն ու մարզումի կեդրոնները փակել:
Ուաշինկթըն Իրաքի ինքնավար քրտական շրջանի կառավարութենէն կը պահանջէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ ազդու քայլերու դիմել։
Վերջապէս, Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Քուրշատ Թիւզմէն յայտնեց, որ իր երկիրը կրնայ հիւսիսային Իրաքի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ որդեգրել՝ տեղւոյն քրտական վարչակազմին ստիպելու համար, որ Թուրքիոյ հետ գործակցի այս հարցով։ Թուրքիա հիւսիսային Իրաքի ելեքտրականութիւն կը մատակարարէ, իսկ հիւսիսային Իրաքի մէջ ծախուող ապրանքներուն մեծամասնութիւնը թրքական է։